ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական «Տողան» հաստատութիւնը Մարտ 22ին հաստատեց, թէ որոշած է իր լրատուական բաժանմունքը, որուն մաս կը կազմեն ազդեցիկ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանը եւ շարք մը այլ լրատուամիջոցներ, ծախել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին մօտիկ եղող մեծահարուստի մը՝ Էրտողան Տեմիրէօրենի ընկերութեան։
2019ի նախագահական ընտրութիւններուն ժամանակ լրատուական մարզէն ներս գրեթէ ամբողջական հնազանդութիւն ապահովելու կարելիութիւնը ունեցող այս համաձայնութիւնը մօտաւորապէս 890 միլիոն տոլար պիտի արժէ։ Նշենք, որ Տեմիրէօրենին կը պատկանին նաեւ «Միլլիյէթ» եւ «Վաթան» թերթերը։
«Նման համաձայնութիւն մը Թուրքիոյ մէջ բազմակարծութեան եւ անկախ լրատուութեան մահը պիտի գուժէ», ազդարարեց «Առանց սահմանի լրագրողներ» կազմակերպութեան Թուրքիոյ ներկայացուցիչ Էրոլ Էօնտերօղլու, յիշեցնելով, որ այլախոհ մամուլի եւ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներուն մէկ կարեւոր մասը բանտարկելէ ետք ամբողջութեամբ իշխանամէտ չեղող այս լրատուամիջոցները իր հակակշիռին տակ առնելով՝ կառավարութիւնը կը փափաքի երկրին մէջ լրատուական մարզը իր ամբողջական հսկողութեան տակ պահել։