Միացեալ Նահանգներ այցելած Արցախի պատուիրակութեան անդամ, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան «Ապառաժ» թերթին հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին պատմական որակած է այս պատուիրակութեան Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը:
Այցելութեան ծիրին մէջ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելեց ամերիկեան Քոնկրես եւ Միացեալ Նահանգներու Ազգային շահերու կեդրոն:
«Այցելութիւնը կարեւոր է այն առումով, որ չճանչցուած երկրի մը պատուիրակութիւն ըլլալով հանդերձ, կրցանք քաղաքական նոր կապերու եւ խորհրդարանական դիւանագիտութեան զարգացման նոր հիմեր դնել», նշեց Դ. Իշխանեան:
Քաղաքական հանդիպումներէն բացի, տեղի ունեցան նաեւ շարք մը հանդիպումներ գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ:
«Կարելիութիւն ունեցանք ծանօթանալու տեղւոյն հայկական համայնքի ներուժին եւ անոր կողմէ տարուող քաղաքական աշխատանքներուն», դիտել տուաւ Իշխանեան՝ աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու հայկական կառոյցները բաւական մեծ կարելիութիւն եւ ներուժ ունին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Արցախի Հանրապետութեան ճանաչման հոլովոյթը ամրապնդելու համար: