ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 16 Մարտին հանդիպում ունեցաւ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի առաջին կազմին հետ: Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորեց խորհուրդի անդամներն ու անոր նախագահը՝ անոնց ընտրութեան առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն, արդիւնաւէտ աշխատանք։ Ան վստահութիւն յայտնեց, որ Բարձրագոյն դատական խորհուրդի անդամներէն իւրաքանչիւրը իր եռանդը, փորձառութիւնն ու գիտելիքները կը ներդնէ ի նպաստ պետական այս կարեւոր կառոյցի զարգացումին եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան:
Հանդիպումին ընթագքին նախագահ Սարգսեան նաեւ իր մօտեցումներն ու ակնկալիքները ներկայացուց Սահմանադրութեան փոփոխութեան արդիւնքով ձեւաւորուած նոր պետական մարմինէն՝ Բարձրագոյն դատական խորհուրդէն: