ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հարիւրամեակին առիթով, Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսարանին կազմակերպութեամբ ու «Արուեստագէտներ երեխաներու համար» կազմակերպութեան համագործակցութեամբ, Հինգշաբթի, Ապրիլ 12ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին տեղի պիտի ունենայ Հայաստանէն նորափթիթ արուեստագէտներու կատարումներուն յատկացուած համերգ մը՝ «Նոր Անուններ» խորագիրին տակ։
Համերգը պիտի կայանայ Լոս Անճելըսի քաղաքամէջը գտնուող «Քոլպըռն» երաժշտանոցի «Զիփըր» համերգասրահին մէջ (200 South Grand Ave., Los Angeles, CA 90012):
Տոմսերու համար, դիմել (818) 538-4911 եւ (818) 265-0506 թիւերուն։