ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»Ի
Տուտագլեան Րաֆֆի հայկական ժամանակակից հրապարակախօսութեան ուրոյն դէմք է: Ա՛յն աստիճանի, որ իր գրութիւններուն պատճառով յարձակումի ենթարկուեցաւ Պուրճ Համուտի «Շաղզոյեան» կեդրոնի կառատան մէջ: Անոր «Նամակ Երկրէն»ներու շարքը մէյմէկ գոհարներ են՝ ճանչնալու խորին Հայաստանն ու Արցախը: Երկրէն՝ ցեղին ձայնն է: Իւրաքանչիւր նամակ նաեւ հրաւէր մըն է, սրտառուչ կոչ մը՝ գրելու, անպատասխան չձգելու Րաֆֆիի յղած նամակները՝ «Գրեցէ՛ք ինծի»:
Թէեւ այդ նամակները ժամանակակից հայաշխարհէն պատկերներ են, անոնք նաեւ կ՛ընդգրկեն սուր դիտարկումներ, վերլուծումներ՝ Հայաստանի քաղաքական ասպարէզի մարդոց մասին: Անկեղծ, համարձակ ու անշեղ քննադատութիւններ՝ պետական վարչամեքենային, իրենց դիրքերը չարաշահող կուսակցական պաշտօնեաներուն: Արդարութեան կարօտեալ ժողովուրդին խօսափո՛ղն է ան: Մէկ խօսքով՝ նեղմիտ մարդոց համար անոր ազատամիտ խօսքերը շա՛տ դաժան են:
Հայաստանի մէջ յաճախ կը հանդիպինք բրտութեան օգտագործումին՝ իբրեւ քաղաքական զէնք, խեղդելու համար ազատ խօսողներու ձայնը: Պուրճ Համուտի մէջ ալ նո՛յնը եղաւ:
Անցած շաբաթներուն քաղաքական դրդապատճառներով վայրագ դէպքերը անպակաս էին. առաջինը՝ «Երկիր Ծիրանի» կուսակցութեան անդամուհիներուն նկատմամբ բրտութիւնն էր Երեւանի քաղաքապետարանի աւագանիի նիստին, երկրորդը՝ «Սասնայ Ծռեր» խմբակի իրաւունքներու պաշտպան եւ կիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան ճակատի անդամ Յասմիկ Սարգսեանի դէմ՝ իր տան առջեւ կատարուած յարձակումը:
Պատահած է, որ սփիւռքահայերու նկատմամբ Հայաստանի մէջ բիրտ արարքներ գործադրուին՝ դրամական դրդապատճառներէ մղուած: Սակայն հազուագիւտ է որ Հայաստան հաստատուած եւ այնտեղ աշխատող սփիւռքահայ մտաւորական ու հանրային գործիչ մը յարձակումի ենթարկուի Սփիւռքի մէջ:
Րաֆֆի Տուտագլեան Գանատայի մէջ ունեցած իր հանգիստ կեանքն ու պաշտօնը ձգելով՝ վերջնական կայք հաստատած է Երկրին մէջ: Հայրենիքին ծառայելը դարձած է իր գլխաւոր առաքելութիւնը: Ան այն սփիւռքահայերէն է, որոնք Երկիր վերադառնալով՝ իրենց խօսքը վերածած են գործի եւ որոնք հեռու են զգացական ու երազային հայրենասէրներ ըլլալէ: Հայաստանի նկատմամբ Րաֆֆիի պատկերացումները բնաւ մեղմ եւ այսպէս կոչուած՝ «երազային» չեն եղած: Երկիրը որքա՛ն սրբութիւն է, նոյնքան ալ՝ անարդարութիւն, կողոպուտ, կեղծիք: Ինչպէս հաշտեցնել այս երկու անհաշտ եզրերը՝ գրիչով: Տուտագլեանի դէմ յարձակումը զուտ քաղաքական երանգ ունի եւ իր ազատ խօսքը լռեցնելու նպատակ կը հետապնդէ, որովհետեւ Րաֆֆին ամուր կառչած է հողին, արդարութեան եւ խօսքի ազատութեան…։
Դրական է ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի քայլը, որ դատապարտած է այս երեւոյթը, որ ինքնին կարեւոր է, որովհետեւ երբ Հայաստանի մէջ նմանատիպ դէպքեր տեղի կ՛ունենան, պատասխանատու կուսակցութիւնները կամ կառոյցները երբե՛ք նման դիրքորոշում չեն ցուցաբերեր:
Յամենայնդէպս պէ՛տք է այս արարքին յանցաւորները երեւան հանել, ինչ որ դժուար բան մը չէ, նկատի ունենալով ամէնուր զետեղուած ժամանակակից տեսախցիկները: Անոնք պէտք է իրենց անարգ արարքին համար պատասխան տան եւ անցնին արդարադատութեան մականէն:
Ժ. Չ.
Thank you NOR HARATCH for your comments I agree with you 1000 % every statement you maid is right to the points, and
please keep up well dun,
Thanks,
Garbis Bezdjian