Մեծ Պահքի միջինքին՝ 7 Մարտին, աւանդութեան համաձայն, Ախալցխայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական գաթայի փառատօնը: Ըստ «Ախալցխա.նեթ»ի՝ Ախալցխայի հաւատացեալ ժողովուրդը իր պատրաստած գաթաները տարած էր եկեղեցի:
Մարդիկ մասնակցեցան Խաղաղական Ժամերգութեան, որուն աւարտին Ախալցխայի եւ Բորժոմիի հոգեւոր տեսուչ Յակոբ աբղյ. Սահակեան եւ Ախալցխայի յարակից շրջաններու հոգեւոր հովիւ Թորգոմ քհնյ. Վարդանեան օրհնեցին գաթաները, որոնք բաժնուեցան ներկայ հաւատացեալներուն: