ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ ազգային ապահովութեան խորհուրդը Մարտ 1ին հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ կը կառուցէ մօտաւորապէս 20 ռազմակայաններ:
Ռուսիոյ Ազգային ապահովութեան խորհուրդի քարտուղարի տեղակալ Ալեքսանտր Վենետիքթով յայտնեց, որ Ուաշինկթըն արդիական զէնքեր մատակարարեց քիւրտերուն, «ինչ որ դրդեց Թուրքիան՝ հիւսիսային Սուրիոյ Աֆրին շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւն շղթայազերծելու», աւելցուց ան։
Ան նաեւ յայտնեց, որ Դամասկոս շարունակ կը հաղորդէ, թէ ահաբեկիչներէն ազատագրուած տարածքներուն մէջ քիմիական թունաւոր նիւթեր կը յայտնաբերուին: «Զինեալները հարաւային Սուրիոյ Թանաֆ քաղաքը գտնուող ամերիկեան ապահովական շրջանին մէջ ազատօրէն կ՛երթեւեկեն ամերիկացի զինուորներուն առջեւ», ըսաւ ան՝ աւելցնելով, որ արտաքին միջամտութիւնը կ՛արգելակէ Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ խաղաղութեան հաստատումը: