ՊՈԼԻՍ, «Եու.Փի.Այ.».- Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ սկսած ռազմական գործողութիւնները Մարտ 2ին շարունակուեցան 42րդ օրն ըլլալով. այդ օր, թրքական ուժերու հրամանատարութիւնը հաղորդեց, թէ Մարտ 1ին, «ահաբեկիչներ»ու հետ ծանր բախումներ տեղի ունեցած են եւ ութ թուրք զինուորներ սպաննուած են, իսկ 13 ուրիշներ՝ վիրաւորուած։
Թուրքիոյ սպայակոյտի նախագահութիւնը նշեց, որ այդ բախումէն ետք, զինուորներու մեծ խումբ մը հասած էր դէպքի վայր ու ռմբակոծած ահաբեկիչներու անցումային կէտերը։
Միւս կողմէ, Մարտ 2ին, Թուրքիոյ կողմէ ծանր ռմբակոծումի ենթարկուած են անցեալ շաբաթ Աֆրին քաղաքը հասած Սուրիոյ կառավարութեան համակիր ուժերու դիրքերը, որոնց անդամներէն 14ը սպաննուած է իբրեւ հետեւաք։ Սպաննուած են նաեւ երեք քիւրտ զինեալներ։