ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Չորեքշաբթի, Փետրուար 28ին, դիմակաւոր անձեր յարձակեցան Պերլինի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան շէնքին վրայ։ Դեսպանատան ապահովութեան աշխատակիցներու ուշադրութիւնը շեղելու նպատակով, յարձակումը իրականացնողները նախ դեսպանատան դիմաց արցունքաբեր նռնակներ նետեցին, ապա դեսպանատան շէնքին վրայ նետեցին կարմիր, կանաչ եւ դեղին ներկեր, որոնք Քիւրտիստանի դրօշակին գոյներն են։
Այդ պատճառով ալ, լրատուամիջոցները կը նշեն, թէ յարձակումը մեծ հաւանականութեամբ իրականացուցած են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան համախոհներ։ Դեսպանատան վրայ յարձակողները կրցած են փախուստ տալ։