ՌԻԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Լիբանանի վարչապետ Սաատ Հարիրի Փետրուար 28ին հասաւ Ռիատ եւ Եամամա պալատին մէջ ընդունուեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտըլ Ազիզ թագաւորին կողմէ: Այս մէկը Ռիատի մէջ անցեալ տարի Հարիրիի յայտարարած անակնկալ եւ շատերու կողմէ պարտադրուած նկատուած հրաժարականէն ետք՝ վարչապետին առաջին այցելութիւնն էր Սէուտական Արաբիա։ Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ լիբանանեան վերջին իրադարձութիւնները: