ԵՐԵՒԱՆ.- Ճատրակի համաշխարհային դաշնակցութիւնը (ՖԻԴԷ) հրապարակած է ճատրակի վարպետներու դասակարգման աղիւսակ՝ Մարտ ամսուան դրութեամբ: Ըստ թարմացուած տուեալներու՝ Լեւոն Արոնեան, ինչպէս նախորդ ամիս, կը շարունակէ եզրափակել լաւագոյն հնգեակը:
ՖԻԴԷի դասակարգման աղիւսակի լաւագոյն հարիւրեակին մէջ, բացի Լեւոն Արոնեանէն, ընդգրկուած են Հայաստանը ներկայացնող եւս երեք վարպետներ: Գաբրիէլ Սարգսեան գրաւած է 66րդ հորիզոնականը, Վլադիմիր Յակոբեան՝ 77րդ, իսկ Հրանդ Մելքումեան հանգրուանած է 81րդ տեղը:
Կին վարպետներու վարկանիշային աղիւսակին վրայ Էլինա Դանիէլեան գրաւած է 54րդ, իսկ Լիլիթ Մկրտչեան՝ 63րդը տեղը: