ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Բախտերնիս բերաւ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Հայ-թրքական արձանագրութիւններուն իր համաձայնութիւնը պայմանաւորեց Արցախեան հարցին վերաբերեալ իր անհեթեթ պահանջներով:
Բախտաւոր եղանք, որ թրքական կառավարութիւնը այնքա՛ն ինքնավստահ էր, որ թոյլ չտուաւ ինքն իրեն շահիլ այդ արձանագրութիւններուն միջոցաւ իրեն ընձեռուած պարգեւէն՝ Հայ Դատէն հրաժարելու հայկական պետական յանձնառութենէն, եւ յամառեցաւ իր նախապայմաններուն վրայ: Այո՛, Թուրքիոյ ուժը զինք լկտիօրէն գերվստահ կը դարձնէ, թէ Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը երբե՛ք պիտի չկարենան այնքան զօրանալ, որ յանդգնին պահանջատիրական ազդու քայլերու դիմելու: Ուրեմն, ինչո՞ւ չփորձել առաւելագոյնս օգտուիլ անփորձ ու ձախաւեր քաղաքական քայլէ մը…
Բախտաւո՛ր եղանք եւ պէտք է փառք տանք նախախնամութեան, որ վերջին ինը տարիներուն թուրք իշխանաւորները չանդրադարձան իրենց սխալին ու պայմանները զանցելով՝ չվերադարձան արձանագրութիւններու ստորագրումի գործընթացին:
Այժմ կրնանք շունչ քաշել՝ թերեւս… Թերեւս կ՛ըսենք, որովհետեւ կրնայ պատահիլ, որ տակաւին օր մը, ուշ կամ մօտիկ ապագային, Թուրքիա որոշէ մէկ այլ գլխացաւէ՝ իր գլխուն կախուած Հայ Դատ կոչուած պատուհասէն ազատելու նպատակով՝ առանց նախապայմաններու արձանագրութիւններ ստորագրելու առաջարկ ներկայացնել: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Հայաստանի պատասխանը նման առաջարկի մը: Կրնա՞նք դարձեալ «մեծ քաղաքականութիւն» վարելու յաւակնութեամբ նոյն ծուղակին մէջ յայտնուիլ: Չե՛նք գիտեր:
Գիտենք ու վստահ ենք սակայն, որ նման պարագայի, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը դարձեա՛լ ոտքի պիտի կանգնի ու առաջնորդէ Հայաստանի եւ Սփիւռքի տարածքին համաժողովրդային ընդդիմութիւնը արձանագրութիւններու ստորագրման։
Թուրքիոյ համար Հայաստանը Աֆրինէն փոքր գլխացաւ է: Երբեք պիտի չուզէ Հայաստանի հետ որեւէ պայմանագրութիւն ստորագրելշ որովհետեւ թուրքերու «հայրը» երբեք չէ ուզած Հայաստան անունով երկիր մը Թուրքիոյ սահմանին մօտ: Արդ, Թուրքիա կ’երազէ բռնի ուժով գրաւել Հայաստանըյ այդ նպատակին համար չի վաւերացնէր որեւէ համաձայնագիր Հայաստանի հետ:
Պարոն խմբագիր, հանգստացիր որ նման բան՝ Հայաստանի հետ համաձայնիլ, չի պատահիր: