ԵՐԵՒԱՆ, «Արեւելք» .- 22 Փետրուարին, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ-եգիպտական գործարար միութեան անդրանիկ հանդիպումը, որուն ներկայ եղան Հայաստանի մօտ Եգիպտոսի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Թարեք Իպրահիմ Մուհամմատ Մաաթի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Ռոպերթ Յարութիւնեան:
Հանդիպման ընթացքին ընտրուեցաւ վարչութիւն մը հետեւեալ կազմով. նախագահ՝ Էտուարտ Մանուկեան, փոխնախագահ Ռաֆֆի Սէմէրճեան, անդամներ՝ Վահան Դանիէլեան, Արամ Յովսէփեան, Ռաֆֆի Հելինեան, Արմէն Ներսէսեան, եգիպտական «Էր Գայրօ» (Air Cairo) օդանաւային ընկերութեան հայաստանեան պաշտօնական ներկայացուցիչ, «Անռիվա Թուր» զբօսաշրջութեան զարգացման գծով տնօրէն Ալեքսան Զաքեան: Հայ-եգիպտական գործարար միութիւնը, որուն կ՛անդամակցին շուրջ 35 հայ գործարարներ, նպատակ ունի զարգացնելու տնտեսական, գործարար կապերը Հայաստանի եւ Եգիպտոսի միջեւ, խթանելու զբօսաշրջութեան զարգացումը:
Նորաստեղծ միութեան նախագահը՝ եգիպտահայ ազգային գործիչ Էտուարտ Մանուկեան, այս մասին խօսելով՝ ըսաւ. «Սեպտեմբեր 2017ին, Երեւանի մէջ կայացած տնտեսական, գիտական եւ թեքնիք համագործակցութեան հարցերով հայ-եգիպտական միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 5րդ նիստին ընթացքին, որուն կը մասնակցէր Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան ներդրումներու եւ միջազգային համագործակցութեան նախարար Սահար Նասրի, որոշուեցաւ եւ ինծի յանձնարարուեցաւ ստեղծել գործարար միութիւն մը՝ երկու երկիրներու ներդրումներու ոլորտին մէջ համագործակցութիւն իրականացնելու համար: Մէկ ամիս առաջ հիմնադրեցինք Հայ-եգիպտական գործարար միութիւնը, որուն անդրանիկ նիստը տեղի ունեցաւ 22 Փետրուարին։
Ըստ «Արեւելք»ի՝ յառաջիկայ Մարտին, Գահիրէի մէջ տեղի պիտի ունենայ եգիպտական կողմի անդրանիկ հաւաքը, որմէ ետք Ապրիլին կամ Մայիսին Եգիպտոսի կամ Հայաստանի մէջ պիտի գումարուի միութեան երկկողմ ժողովը, որուն ներկայ պիտի գտնուին երկու երկիրներու պատասխանատու գերատեսչութիւններու ղեկավարները: