ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Այսօր արդէն պատմութեան փաստերու քննութիւնը յստակօրէն կը բացայայտէ, որ 1920 թուի Դեկտեմբերի 2ին Հայաստանի խորհրդայնացումով կեանքի կոչուած բոլշեւիկեան Յեղկոմը կը գործէր ծրագրուած եւ հեռահաս ռազմավարութեամբ մը: Զրկե՛լ երկիրը իր բոլոր ուժականութիւններէն եւ զայն դարձնել ըստ ամենայնի «կառավարելի»՝ իշխանութեա՛ն մը կողմէ, որ ոչինչ ունէր հարազատ մեր ինքնիշխան երկրի անցեալին, ներկային եւ ապագային հետ:
Խորհրդայնացման սկզբնական շրջանի Յեղկոմի խուժդուժ քաղաքականութիւնը յաճախ կը վերագրուի «յեղափոխական» ալեկոծ օրերու ծայրայեղական հոգեբանութեան եւ այս մէկը ճիշդ չէ: Բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, որ Մոսկուայի կողմէ ղեկավարուող Յեղկոմի ռազմավարութիւնը ունէր երկու յստակ եւ նախորոշուած առաջադրութիւն: Առաջին, արմատական սեփականազրկման ենթարկել մեր աշխատաւոր ժողովուրդը անկէ խլելով ոչ միայն իր կենսական պարէնն ու գիւղացիին անասունները, այլեւ այն բոլոր արտադրական գործիքներն ու կենցաղային իրերը, որոնք կ՛ապահովէին ՀՀ քաղաքացիին (թէկուզ համեստ) կեանքի ամէնօրեայ լինելիութիւնը: Երկրորդ, խորտակե՛լ հայկական զինուժի ողնայարը խլելով անկէ իր առաջնորդող ուղեղը՝ հայկական բանակի սպայից կա՛զմը, որ կը բաղկանար բացառապէս փայլուն զինուորականներէ եւ որոնց նմանը խորհրդային Կարմիր Բանակն իսկ չունէր: Նպատակն էր վերջնականապէս բարոյալքել մեր երկրի ժողովուրդը եւ զայն հիմնովին ապաքաղաքականացնել: Զայն վերածել հօտի եւ զայն դուրս բերել իր պատմական ընթացքէն:
Այս պայմաններուն մէջ է, որ երկիրը պիտի դիմէր զինեալ ապստամբութեան եւ 1921 թուի Փետրուարի 18ին պիտի տապալէր Յեղկոմի իշխանութիւնը՝ վերջ դնելով (թէկուզ ժամանակաւորապէս) բոլշեւիկներու արիւնոտ վարչակարգին:
Այսօր, Առաջին Հանրապետութեան հարիւրամեակի սեմին հրապարակուած պետական յայտարարութիւնը յատուկ ճիգ կը ցուցաբերէ պատմութեան փաստերը «ողորկելու», հայ անկախ պետականութեան հիմնադրման գործընթացները աղաւաղելու, զայն հոյակերտող քաղաքական ուժին՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնարար դերակատարութիւնը նսեմացնելու, բոլշեւիկեան մնայուն սադրանքը ծածկելու, Փետրուարեան Ապստամբութեան եւ Լեռնահայաստանի Հերոսամարտի հզօր փաստերը ստուերելու եւ մեր երկրին պարտադրուած Խորհրդային Հանրապետութեան անհարազատ էութիւնը հարազատագրելու (legitimize): Յստակ է, որ նորէն գործ ունինք մեր անկախութեան ոգիին անյարիր տարրերու փուճ մեքենայութիւններուն հետ: Յստակ է, որ դեռ ուժեր կան մեր պետութեան առաջնորդող դիրքերուն վրայ, որոնք չեն կրցած յաղթահարել եւ մէկդի շպրտել անցեալի հոգեբանական լուծը:
Հետեւաբար առաւել եւս կարեւոր է, որ այսօր մենք ճիշդ հասկնանք Փետրուարեան Ապստամբութեան մեծ արարքին պատմական նշանակութիւնը: Հասկնանք իր էութեամբ եւ մանրամասնութեամբ, որպէսզի նորօրեայ գործիչներու հաշիւներէն իսպառ ազատ կացուցենք մեր երկրի երէկն ու այսօրը:
Կասկած չկայ, որ ապստամբութիւնը ունէր իր տարերային բնոյթը: Մեր ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով լայնօրէն մաս կազմեց ապստամբութեան ալիքին եւ սակայն այդ մեծ արարքին ղեկավար ուժը հայ ազատագրական շարժման կրակներուն մէջ թրծուած եւ ՀՅ Դաշնակցութեան դրօշին տակ գործող ֆէտայի հրամանատարներու եւ զինուորներու փաղանգն էր: Ճիշդ է, բոլշեւիկեան Յեղկոմը ժամանակ չկորսնցուց ՀՀ բանակի սպայութիւնը զանգուածաբար «մաքրագործելու», բայց դեռ կար այն միւս սպայութիւնը՝ մեր իսկական պահեստի ո՛ւժը՝ Դաշնակցութեան մատեան գո՛ւնդը՝ որ թէեւ մինչ այդ դուրս կը մնար ՀՀ զինուժի կազմակերպական ծիրէն, բայց հոն էր ան անընկճելի իր հաւատքով ու նուիրումով եւ հայրենիքին ծառայելու իր ցկեանս յանձնառութեամբ: Ասիկա այն բանակն էր, որ միայն Դաշնակցութիւնը ի վիճակի էր կեանքի կոչելու այդ օրերուն: Ասիկա այն հուժկու բռունցքն էր, որուն հարուածը անսակարկելի էր եւ վերջնական: Եթէ ան պահ մը լուռ էր եւ կարգապահութեամբ կը սպասէր իր ղեկավարութեան ազդանշանին, ան այնուամենայնիւ չէր բթացած: Ան իր պատմական դերին մէջն էր եղած Հանրապետութեան ամէնէն դժուարին օրերուն՝ սկսած անկախութեան ճակատամարտերէն ընդհուպ մինչեւ բոլշեւիկներու մայիսեան դաւադրութիւնը Ալեքսանդրապոլի (Գիւմրի) մէջ եւ այլուր: Ան իր դերին մէջն էր ըլլալու նաեւ այսօր:
Ֆէտայիներու այս սերունդին կը պարտինք մեր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն սխրալի էջերը: Անոնց մեծ մասը խոնարհ հերոսներն են մեր հաւաքական գոյութեան: Անոնցմէ շատեր մնացած են անանուն: Անոնք ընդհանրապէս կենսագրութիւն չեն թողած իրենց ետին, բայց իրենց խիզախ գրոհով գրած են մեզմէ ամէն մէկուն կենսագրութիւնը: Փետրուար 18ի նախօրեակին մեր երկիրը կանգնած էր իր գոյութեան կենաց-մահու հարցականին առջեւ: Սարդարապատն ու Բաշ Ապարանն ու Ղարաքիլիսան բոլշեւիկեան Մոսկուայի, քեմալական Թուրքիոյ եւ հայ բոլշեւիկներու կողմէ ենթարկուած էին լուծարքի եւ հետեւաբար պէտք էր նոր Սարդարապատ, պատմական մէկ նոր եւ հրաշագործ ալքիմիա, մէկ նոր եւ վճռական արարչագործութիւ՛ն, որ միայն կրնար ծնիլ ֆէտայիներու տեսիլքէն: Անոնց զէնքն էր միայն, որ կրնար տալ վերջին փրկարար լուծումը: Անոնց սուրն էր միայն, որ կրնար կտրել գորդեան այս դժխեմ հանգոյցը:
Այսօր կարելի չէ խօսիլ Փետրուարեան Ապստամբութեան մասին ապաւինելով պատմագիտութեան վերացական եզրերուն միայն: Կարելի չէ մանաւանդ ապաստանիլ գործը «ժողովուրդ»ին վերագրելու խուսափողական մեքենայութիւններուն: Այդ բանը, առաջին հերթին, անարգանք է ուղղուած մեր ժողովուրդին: Ամէն վճռական արարք հայոց պատմութեան մէջ իր յստակ տէրը ունի: Յստակ մարդիկ են, որոնք կը բանաձեւեն մտքերը, կը հաւաքագրեն ուժերը, կը բանան պայքարի ճակատները եւ կը խախտեն հաստատուած կարգերը: Եւ տակնուվրայ կ՛ընեն բռնատէրերու կեանքը:
Առաջին Հանրապետութեան մայրուղիի զինուորը Դաշնակցութիւնն էր եւ ոչ ոք թող փորձէ իր կասկածելի լեզուամտածողութեամբ չարափոխել այս փաստը: Փետրուարեան Ապստամբութեան ողնայարը դաշնակցական ֆէտայիներն էին: Անոնք անգամ մը եւս գրեցին մեր անկախութեան անգիր օրէնքը: Անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին յարացոյցը եւ հաստատեցին բոլոր ժամանակներուն համար: Անիկա ֆէտայիներու սերունդին վերջին հրեղէն կտակն էր: Վերջին աւա՛նդը: 1921ի Փետրուարի 18ին Դաշնակցութիւնը վերջնականօրէն քաշեց կարմիր գիծը բոլշեւիզմին եւ մեր անկախ պետականութեան գաղափարախօսութեան միջեւ: Եւ քաշեց այնպիսի յստակութեամբ, որ ան ի զօրու կը մնայ մինչեւ այսօր: Վկայ՝ Արցա՛խը: Վկայ՝ մեր նորօրեայ ազատամարտի հպարտ զինուորներն ու իրենց շարունակուող սխրագործութիւնը:
Այս տօնը մաքուր խղճմտանքով ապրող մարդոց տօնն է: Ան տօնն է ֆէտայիներուն: Տօնն է մեր ազգային հպարտութեան: Մեր ազգային վճռակամութեան: Մեր գերագոյն իմաստութեան: Անողնայար մարդոց տօնը չէ ասիկա: Մենք ազգովին պիտի արժանի ըլլանք այս մեծ տօնին:
Փետրուար 22, 2018
Ուաշինկթըն
Հասկցողին շատ բարեւ… աս խօսքերուն իմաստը պէտք է հասկնան Հայաստանի մէջ աշխատող բոլոր կուսակցութիւնները, հասկնան տողերուն մէջի իմաստն ալ, որպէսզի իրակա՛ն դաշնակցութեան արժէքը գիտնան…