Բրիտանական «Պի.Պի.ՍԻ.» (BBC) լրատուական ընկերութիւնը անդրադարձած է Հայաստանին՝ աշխարհի մէջ առաջին երկրին, որ 2011էն ի վեր դպրոցներուն մէջ ներդրած է ճատրակը որպէս պարտադիր առարկայ:
Ըստ «Արմենփրէս»ի՝ յօդուածին մէջ նշուի, որ շուրջ երեք միլիոն բնակչութեամբ՝ Հայաստան մէկ շունչին բաժին հասնող ճատրակի գերվարպետներու թիւով աշխարհի ամենաբարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի:
Յօդուածագիր Էմմա Լեւին պատմութիւնը կը սկսի այսպէս. «Ես թակարդի մէջ էի, շրջապատուած էի բոլոր կողմերէն ու փրկութեան ոչ մէկ ելք կար: Թագաւորի գրաւումը անխուսափելի էր: Ու յանկարծ՝ յաղթականօրէն «շեք-մէյթ» յայտարարեց Միքայէլը: Եւ զիս յաղթողը 11ամեայ տղայ էր»: Ըստ Լեւինի՝ ասիկա զարմանալի չէր, քանի որ Միքայէլը քանի մը օր առաջ դարձած էր դպրոցներու ճատրակի ողիմպիականի յաղթող: Ան ճատրակ կը խաղայ 5 տարեկանէն. ճատրակ խաղալը սորված է հօրմէն ու մեծ հօրմէն, ապա դպրոցին մէջ՝ ճատրակի դասերուն ընթացքին: Ճատրակի անոր հերոսներէն է Լեւոն Արոնեան: «Միքայէլը կը փափաքի դառնալ ճատրակի աշխարհի ախոյեան: Ան կը դիտէ ճատրակի միջազգային մրցումները, որպէսզի կատարելագործէ իր կարողութիւնները», կ՛ըսէ տղուն մայրը, սուրճի սեղանի շուրջ:
Երեւանի Ճատրակի դպրոց չհասած՝ Օղակաձեւ այգիին մէջ, Էմմա Լեւին կը միանայ մարդոց, որոնք կը դիտէին զրուցատաղաւարին մէջ ճատրակ խաղացող մեծահասակ մարդոց, իսկ արդէն ճատրակիի տուն կը յայտնուի, սրահի մը մէջ, ուր 200 երեխաներ խորասուզուած էին խաղին մէջ: «Սրահին մէջ լռութիւն է. երեխաներու պահուածքը‘ կատարեալ՝ առանց պոռթկումներու եւ պառչտուքի: Բոլորը խորապէս ներգրաւուած են խաղին մէջ՝ արհեստավարժներուն յատուկ դէմքի լուրջ արտայայտութեամբ: Երեխաները իրենց իւրաքանչիւր շարժունը կ՛արձանագրեն նօթատետրերու մէջ: Յանկարծ տասնամեայ Դաւիթը կը սխալի, արցունքներ կը յայտնուին աչքերուն, անոր ուսը կը գրկէ մօր պէս հոգատար մարզիչ Մարիան, որ ժպտելով կ՛ըսէ. «Ամէն բանէ առաջ, անոնք երեխաներ են», կը գրէ յօդուածագիրը: Ապա ան կը նկարագրէ, որ երեխաներուն համբերատար կը սպասեն անոնց ծնողները, մեծ մայրերը եւ քեռի- հօրեղբայրները, ու անկախ ելքէն՝ յաղթանակ, պարտութիւն կամ ոչ-ոքի, բոլորն ալ գրկախառնութեան կ՛արժանանան:
Էմմա Լեւինի աչքէն չէր վրիպած, որ Ճատրակի տան դիմաց 1963-1969 թուականներու աշխարհի ախոյեան Տիգրան Պետրոսեանի կիսանդրին է: «Հայաստան միշտ օգտուած է ճատրակի հետ ունեցած ամուր կապերէն, բայց Տիգրանին յաղթանակները յեղափոխական էին մեզի համար», լրագրողին ըսած է «Հայաստանի Շախմատի ակադեմիա»ի նախագահ Սմբատ Լպուտեան:
Յօդուածագիրին Լպուտեան յայտնած է, որ դպրոցներու մէջ ճատրակը որպէս պարտադիր առարկայ դարձնելու գործընթացին մէջ շարժիչ ուժ եղած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Ո՞րն էր պատճառը» հարցումին՝ Լպուտեան կը պատասխանէ. «Ճատրակը արդար խաղ է, երեխաները, սորվելով մաքուր եւ պատուաւոր այս խաղը՝ լաւ վարքագիծ ձեռք կը բերեն: Երեխան կրնայ ընդունիլ ռազմավարական որոշումներ՝ կը կշռադատէ իրավիճակը, ապա քայլ կը կատարէ: Կը կարծեմ, որ ասիկա շատ մեծ օգուտ է հասարակութեան համար»:
Յօդուածին մէջ կը ներկայացուի, որ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կը դասաւանդեն աւելի քան 3 հազար որակաւորուած ճատրակի ուսուցիչներ: Ըստ Լպուտեանի՝ շատ մը երկիրներ եւս կը փափաքին ընթանալ այս ուղիով: Վերջերս ալ աշխատանքներու սկսած է Ճատրակի գիտահետազօտական հիմնարկը, ուր ընկերաբաններ, հոգեբաններ եւ այլ մասնագէտներ կ՛ուսումնասիրեն ճատրակի ազդեցութիւնը սորվելու գործընթացին վրայ:
«Այս բոլորին շնորհիւ, Միքայէլ եւ հազարաւոր երեխաներ կ՛օգնեն Հայաստանին տեղաւորուելու ճատրակի աշխարհի քարտէսին վրայ: Ես գոնէ կրնամ մխիթարուիլ, որ ինծի յաղթած է ապագայ գերվարպետ մը», պատմութիւնը կ՛եզրափակէ Էմմա Լեւին: