ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ուաշինկթընին կոչ ուղղած է՝ «Սուրիոյ մէջ կրակի հետ խաղալէն դադրելու», նշելով, որ այժմ գոյութիւն ունին «սուրիական գերիշխանութիւնը ոտնակոխելու ամերիկեան փորձեր, մասնաւորաբար՝ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ», ուր Ուաշինկթըն «Իրաքէն ու Եփրատի արեւելեան ափէն դէպի հիւսիսային Սուրիոյ ուղղութեամբ երկարող ուժ մը կը ստեղծէ»:
Լաւրով յայտնած է, որ Մոսկուա ունի բազմաթիւ փաստեր, թէ Արեւմուտքն ու միջազգային դաշինքը «Ճապհաթ Նուսրա» ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ չեն պայքարիր: Ան ըսած է. «Այսօր ոմանք վատ կերպով կը շահագործեն քրտական գործօնը»:
Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ յայտնեց, որ Իրանն ու Ռուսիան սերտ կերպով գործակցեցան, իրականացնելու համար շրջանին մէջ կայունութեան ձգտող հասարակաց նպատակները: Ան յայտնեց, որ արդէն կարելի է խօսիլ «Իսլամական պետութեան» շրջանային պարտութեան մասին, մասնաւորաբար՝ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ իր գրաւած հողերու կորուստէն ետք, սակայն անոր ներկայացուցած վտանգը «կը շարունակէ գոյատեւել» տակաւին:
Անդրադառնալով սուրիական տագնապին՝ Զարիֆ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումը միա՛կ լուծումն է, եւ այսօր ատիկա իրագործելու յարմար առիթ գոյութիւն ունի: Խօսելով սուրիական ուժերուն կողմէ իսրայէլեան «Էֆ. 16» օդանաւի զգետնումին մասին՝ ան ըսաւ. «Իսրայէլ Սուրիոյ մէջ դիրքեր ռմբակոծեց, ուստի այդ օդանաւը վար առնելը սուրիական օդային տարածքի ոտնակոխումին հակադարձութիւն է»: