– Թուրքիոյ ընդդիմադիր մամուլը կը գրէ, որ Եւրոխորհուրդի օրակարգին վրայ է թրքերէնը այդ կառոյցի աշխատանքային լեզուներու ցանկէն հեռացնելու հարցը, Թուրքիա-Եւրոխորհուրդ յարաբերութիւններու վատթարացած վիճակին պատճառով։
– Մինչ սպիտակամորթ ամերիկացիներուն 55 տոկոսը համոզուած է, որ սպիտակամորթները խտրականութեան զոհ են, անոնցմէ միայն 21 տոկոսը կ՛ընդունի, թէ անձամբ նման խտրականութեան մը զոհ գացած է։