ՊԷՅՐՈՒԹ.- Չորեքշաբթի, 14 Փետրուարի երեկոյեան, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ սկսաւ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնած թատերական աշխատանոցի առաջին հանդիպումը:
Վարչութեան ատենապետ Մարտիկ Տէմիրճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք մասնակիցներուն ամփոփ կէտերու մէջ բացատրեց աշխատանոցին նպատակը:
Թատերական աշխատանոցի ծրագիրի համադրող եւ պատասխանատու, լիբանանահայ հանրածանօթ բեմադրիչ եւ Լիբանանեան համալսարանի դասախօս Յակոբ Տէր Ղուկասեան, խօսք առնելով՝ իր կարգին, որոշ բացատրութիւններ տուաւ սոյն աշխատանոցի կարեւորութեան, անոր ստեղծած առիթին, նոր երիտասարդները դէպի թատրոն առաջնորդելու առաքելութեան մասին՝ նկատել տալով, որ աշխատանոցին նպատակն է երիտասարդ ուժերը առաջնորդել դէպի թատրոն, իսկ անոնք, որոնք արդէն իսկ թատերական փորձառութիւն ունին, անոնց գիտելիքներուն ակադեմական, գործնական ու տեսական ցուցմունքներով եւ դասընթացքներով որակական զարկ տալ:
Աշխատանոցի առաջին դասախօսն էր հանրածանօթ թատերագիր եւ բեմադրիչ Վաչէ Ատրունի, որուն դասախօսութեան նիւթն էր «Միջազգային եւ հայկական թատրոնի պատմութիւնը»: Ատրունի նկատել տուաւ, որ իր ներկայացուցած նիւթին ընդմէջէն պիտի անդրադառնայ «թատրոն» հասկացողութեան մտապատկերին, թէ ի՞նչ կը նշանակէ թատրոն, ո՞ւր է անոր արմատը, ինչպէ՞ս ծագում առած է, ի՞նչ յարաբերութիւններ զարգացուցած է ընկերային հասարակութեան հետ, քաղաքականութեան հետ ի՞նչ դերակատարութիւն ունի, փոխադարձ ազդեցութիւնները ի՞նչ են: Ան խօսեցաւ թատրոնի էութեան, անոր ունեցած դերակատարութեան եւ պարտաւորութիւններուն մասին, պատմութեան զարգացման ընթացքին, նաեւ թէ ի՛նչ ազդեցութիւններ ներգործած են իր վրայ եւ փոխադարձաբար հանրութեան վրայ ի՞նչ ազդեցութիւն ունեցած է իւրաքանչիւր ժամանակաշրջանի ընթացքին:
Յայտնենք, որ թատերական աշխատանոցը պիտի շարունակուի ամէն Չորեքշաբթի երեկոյեան ժամը 7ին, նոյն վայրին մէջ: