Արաբական «Ճազիրա» (Al Jazeera) պատկերասփիւռի ընկերութեան կայքը անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ հրապարակեց լուսանկարներու շարք մը:
Կայքի լուսանկարիչը՝ Կաս Փալմըր, կը գրէ, որ Ղարաբաղեան հակամարտութիւնը չի դադրիր 1991էն՝ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ի վեր. բախումներու իբրեւ հետեւանք զոհուած են տասնեակ հազարաւոր մարդիկ:
Հեղինակը, մէջբերելով Մարտունիի մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն հրամանատարին խօսքը, կը նշէ, որ զօրքերը «միշտ պատրաստ են պատերազմի»:
«Ղարաբաղի մէջ պատերազմը լուռ է եւ սառն», կը գրէ Փալմըր՝ յիշեցնելով, որ անիկա դարձեալ բռնկեցաւ 2016ին:
Լուսանկարիչը այցելած է Արցախի զանազան քաղաքներ եւ գիւղեր ու լուսանկարներ առած է Բերդաշէնի, Ալիշանի, Մարտակերտի, Մարտունիի, ինչպէս նաեւ խրամատներու մէջ: