ՊԵՎԸՐԼԻ ՀԻԼԶ.- Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱՄ) Երեխաներու ու որբերու խնամքի ծրագիրին նուիրուած նորաձեւութեան ցուցահանդէս-դրամահաւաքի տարեկան ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ, Մարտ 10ին, «Պեվըրլի Հիլզ» պանդոկին մէջ:
Այս տարուան ձեռնարկը իրագործելու պարտականութիւնը ստանձնած յանձնախումբը կը գլխաւորեն Ալին Օրունչաքչելի եւ Պեթի Պալեան։ Այս տարի եւս հագուստներու ցուցադրութիւն պիտի իրականանայ՝ համագործակցաբար «Պլումինկտէյլզ» վաճառատան:
Ճաշկերոյթին ընթացքին կայանալիք աւանդական լուռ աճուրդի համակարգման աշխատանքը ստանձնած են Նիքոլ Նշանեան եւ Ճին Քելեկեան:
Այս ծրագիրին շնորհիւ, միութիւնը օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարէ Հայաստանի եւ Արցախի երեխաներուն՝ մանկապարտէզներու նեցուկ կանգնելով, կրթանպաստներ ապահովելով եւ երեխաներու համար ճամբարներ կազմակերպելով, արուեստի եւ մարզական շարք մը այլ նախաձեռնութեանց կողքին:
Միայն 2017ին կարելի եղած է ապահովել մօտաւորապէս 2000 երեխաներու հովանաւորութիւն, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն՝ Հայաստանի ու Արցախի մէջ վեց մանկապարտէզներու եւ «Շող» դաստիարակչական ճամբարներու՝ Երեւանի, Վանաձորի եւ Շուշիի մէջ: Նաեւ, աւելի քան 5000 երեխաներ կարելիութիւն ունեցած են մասնակցելու ամառնային ճամբարներու, իսկ Կաղանդի օրերուն 42 կեդրոններու մէջ կազմակերպուած հանդէսներու ընթացքին մօտաւորապէս 7200 երեխաներու նուէրներ տրուած են: Ծրագիրը նաեւ աւելի քան 6000 կարիքաւոր երեխաներու բժշկական եւ ատամնաբուժական սպասարկութիւն տրամադրած է։
Ճաշկերոյթին տեղ ապահովելու կամ անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել Էլիզապէթ Աղպապեանին՝ (310) 476-5306, կամ Սաւի Թիւֆէնքեանին՝ (818) 956-8455 թիւերով: