ԵՐԵՒԱՆ.- Ազգային ժողովի Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խմբակցութեան պատգամաւոր Հրայր Թովմասեան առաջադրուած է Սահմանադրական դատարանի անդամի պաշտօնին: Այս մասին կուսակցութեան Գերագոյն մարմինի նիստէն ետք լրագրողներուն յայտնեց մամուլի քարտուղար Էդուարդ Շարմազանով:
Կը նախատեսուի, որ Թովմասեան Շաբաթ օր հրաժարականի դիմում ներկայացնէ Ազգային ժողովի պետաիրաւական հարցերու յանձնաժողովի նախագահի պաշտօնէն: