ՆՈՐԹ ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Քրիստոնէական հաւատքի պաշտպանութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման համար, մեր պատմութեան ճակատագրական պատերազմին՝ Աւարայրի դաշտին վրայ Ս. Վարդանանց զօրավարաց մղած ճակատամարտին յիշատակը Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին նշուեցաւ իբրեւ ազգային եւ եկեղեցական տօն: Այս առիթով, Ս. պատարագ մատուցուեցաւ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ մասնակցութեամբ թեմի հոգեւորականաց դասուն:
Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Կրօնական ժողովի ատենապետ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան։ Իր պատգամին ճամբով, հայր սուրբը խօսեցաւ Վարդանանց հաւատքի տոկունութեան եւ ազգային ինքնութեան իտէալին մասին։ Ան ըսաւ. «Անոնք քրիստոնեաներ չէին անուամբ, այլ անոնց համար քրիստոնէութիւնը գերագոյն վարդապետութիւն եւ ազգային ինքնութեան պահպանութեան ամէնէն ուժեղ ենթահողն էր»։ Հայր սուրբը կոչ ուղղեց ներկաներուն՝ իրենց կեանքի բոլոր օրերուն պարծենալու Քաջ Վարդանի թոռները ըլլալու ճշմարտութեամբ։
Արարողութեան ընթացքին երգուեցաւ Ս. Վարդանանց հերոսամարտին նուիրուած «Նորահրաշ» շարականը. տօնին յատուկ բարեխօսական մաղթանքը կատարուեցաւ առաջնորդին նախագահութեամբ: Պատարագի աւարտին, հաւատացեալները Վարդանանց հաւատքով պարուրուած եւ անոնց ուժով զինուած՝ հոգեւորականաց դասուն հետ երգեցին Ս. Վարդանանց նուիրուած երգեր, «Կիլիկիա»ն եւ Հայաստանի քայլերգը։
Պատարագէն ետք, սրբազանը եւ հոգեւորականները համախմբուեցան եկեղեցւոյ կից սրահը, ուր տեղւոյն հոգաբարձութեան հետ կիսեցին տիկնանց միութեան կողմէ պատրաստուած սիրոյ սեղանը։ Խօսք առին շրջանի հովիւը՝ Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան, եւ հոգաբարձութեան անդամ Պաղտիկ Էքմէքճեան, որոնք բարի գալուստ մաղթեցին առաջնորդին եւ հոգեւոր հայրերուն՝ շնորհաւորելով զանոնք Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առիթով։
Իր փակման խօսքով, առաջնորդ սրբազանը նախ բարձր գնահատեց շրջանի հոգեւոր հովիւն ու հոգաբարձութիւնը՝ տօնը ըստ արժանւոյն կազմակերպելնուն համար, ապա գնահատանք արձանագրեց տիկնանց միութեան հասցէին՝ պատրաստուած սիրոյ սեղանին համար։
Ամէն տեղ «տիկնանց միութիւն» կայ, «պարոնանց միութիւն»ը ե՞ րբ ենք ունենալու…։
Ֆրեզնոյի Ս. Երրորդութիւն եւ Ս. Պօղոս եկեղեցիները երկար տարիներէ ի վեր ունին եկեղեցւոյ Արանց Միութիւնները, եւ կանոնագիրը, որոնք ամսական դրութեամբ դասաղօսական ձեռնարկ ու ծրագիր կը կազմակերպեն: