ԱՅՆՃԱՐ.- Երեքշաբթի, 13 Փետրուարին, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան Երեկոյեան ժամերգութիւն եւ Անդաստանի, Տեառնընդառաջի նախօրեակի ու փոքրիկներու խորան ընծայման արարողութիւնները:
Եկեղեցեկան արարողութիւններէն ետք, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառուեցաւ աւանդական խարոյկը, ազգային եւ հոգեւոր երգեցողութեան զուգընթաց: Խարոյկը վառեցին 2017ի նորապսակ զոյգերը: