ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան «Ազատութեան» խնդրանքով արձագանգելով հրապարակուած տեղեկութեան, թէ Միացեալ Նահանգները ծանուցած է Հայաստանի կառավարութեան ռուսական ռազմաարդիւնաբերական համալիրի ընկերութիւններու հետ «էական գործարքներ» կնքելու պարագային, հնարաւոր պատժամիջոցներու թիրախ դառնալու վտանգին մասին, յայտնած է, որ «Հայաստանը պէտք է հաշուի առնի բոլոր զարգացումները, որոնք առկայ են»:
«Հայկական Ժամանակ» թերթի հարցումին պատասխանելով՝ այս մասին յայտնած էր Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը:
Քոչարեան հրաժարեցաւ մանրամասնելէ. «Ի՞նչ մանրամասնել: Պէտք է կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) լինի ինֆորմացիան (տեղեկութիւնը-Խմբ.): Օրինակ, հարցադրումներ արուեց, որը, իմ գնահատակով, իմ գիտելիքներով, չի համապատասխանում իրականութեանը, որովհետեւ չափազանցնում է այն վտանգը, որ կայ: Բայց դա չի նշանակում, որ դու պէտք է այսպէս ասած անուշադրութեան մատնես: Պէտք է անընդհատ հետեւել»:
Ամերիկեան պատժամիջոցներու ծիրին մէջ ռուսական ռազմաարդիւնաբերական ընկերութիւններու յայտնուիլը արդեօք կրնա՞յ ազդել հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան վրայ. այս հարցումին Քոչարեան պատասխանեց. «Եկէք առաջ չընկնենք… Մենք կոնկրետ հետեւում ենք իրավիճակին եւ միեւնոյն ժամանակ շահագրգիռ ենք պահպանել մեր յարաբերութիւնները, փոխգործակցութիւնը Ռուսաստանի հետ այդ դաշտում, որը մեր անվտանգութեան կարեւոր բաղադրիչն է»:
Այս հարցով արդեօք խորհրդակցութիւններ կը կատարուի՞ն ամերիկեան կողմին հետ: Այս հարցումին Քոչարեան արձագանգեց, ըսելով. «Չկայ այդպիսի կոնկրետ հարց, որը հասունացած է, որը պահանջի թէ՛ ռուսական կողմի, թէ՛ ամերիկեան կողմի հետ բանակցութիւններ»: