ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ֆինանսաւորումով 2018ին պիտի աւարտին Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղի մանկապարտէզի, դպրոցի եւ կենցաղային տան շինարարական աշխատանքները: Հիմնադրամին միջոցներով պիտի սկսին նաեւ Արցախի պետական համալսարանի կեդրոնական մասնաշէնքի վերակառուցման գործընթացին, որուն նախագծային աշխատանքները ընթացքի մէջ են. անոնք ամբողջութեամբ պիտի աւարտին Մայիսին, որուն պիտի յաջորդեն շինարարական աշխատանքները: Ըստ «Արցախփրէս»ի՝ այս մասին կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտարարեց Արցախի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեան:
Հայաստան համահայկական հիմնադրամի ծրագիրով պիտի աւարտին նաեւ Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան, Իւանեան, Քռասնի, Մարտակերտի շրջանի Գետաւան, Հադրութի շրջանի Տումի եւ Թաղասեռ գիւղերու հանդիսութիւններու տուներու եւ համայնքային կեդրոններու կառուցման աշխատանքները, Ստեփանակերտի մէջ պիտի աւարտի թիւ 9 միջնակարգ դպրոցի ամբողջական վերակառուցումը եւ Ասկերանի շրջանի Ուղտասար գիւղի նորակառոյց դպրոցական շէնքի շինարարութիւնը:
Նախարարը նշեց, որ այս տարուան պետական ամավարկի միջոցներու հաշիւով նախատեսուած ամբողջ ծախսերը կը կազմեն 14 միլիառ 200 միլիոն դրամ, որ պետական ամավարկի 14 տոկոսն է: 2018ին պիտի շարունակին Ստեփանակերտի Ալեք Մանուկեան 120 հասցէին վրայ գտնուող հանրակացարանի վերակառուցման աշխատանքները:
Այս տարի Ստեփանակերտի մէջ պիտի սկսին նախկին «Օկտեաբր» շարժապատկերի սրահի տարածքին մէջ նոր մարզամշակութային եւ ժամանցի կեդրոնի կառուցման աշխատանքներուն: Նախագիծերը եւս կը գտնուին մշակման փուլին մէջ: Ծրագիրով կը նախատեսուի ունենալ ընդհանուր դահլիճ մը, որ պիտի ծառայէ ձեռնարկներու, 100 տեղ ունեցող ժամանակակից շարժապատկերի սրահ, 4 ուղիով «պոլինկ» եւ տարբեր տարածքներ՝ ցուցահանդէսներ կամ այլ ձեռնարկներ կազմակերպելու համար: