ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ տնօրինուող եւ Յովիկ Աբօ Սաղտճեանի անուան՝ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հիւրընկալած է նոր շրջանաւարտ ուսանողներու խումբ մը, որ արդէն իսկ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ իր արհեստավարժ ասպարէզին նախաքայլերը կ՛առնէ։
Ծրագիրի վարիչ Թերեզա Երիմեան կը յայտնէ, թէ անցեալ տարուան աշնանային ծրագիրին մասնակցած վեց երիտասարդները արդէն իսկ սկսած են աշխատելու հանրային մարզէն ներս, եւ անոնցմէ հինգը ապահոված է լիաժամ աշխատանք։
Անոնցմէ մէկը՝ Արենի Մարկոսեան, նորեկներուն ներկայացուցած է ծրագիրին մանրամասնութիւնները եւ առաւելութիւնները՝ իր անձնական փորձառութեան ընդմէջէն։
Նորեկները նաեւ մասնակցած են շարք մը սեմինարներու, որոնց գլխաւոր նպատակն էր զարգացնել աշխատանք ճարելու ձիրքերը։
Պատրաստուելով 2018ի աշնանային ծրագիրին, Երիմեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին հաղորդակցական հարցերու վարիչ Տիգրան Խոտանեան մասնակցած են Համահայկական ուասանողական միութեան կողմէ ՀԵԴի ճամբարին մէջ կազմակերպուած հաւաքին՝ անոր մասնակիցներուն յատուկ աշխատանիստ մը կազմակերպելով։
Միւս կողմէ, «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրի վեց մասնակիցներուն կողքին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը այս օրերուն դիմաւորած է նաեւ վարժողական ծրագիրին մասնակցող երկու հայորդիներ՝ Ցոլինա Մարգարեան եւ Էլեն Տատասեան, որոնք Հայ Դատի գրասենեակին մէջ աշխատելով՝ հարուստ փորձառութիւն ձեռք պիտի ձգեն։
Նշենք, որ «Քեփիթըլ Կէյթուէյ» ծրագիրը հաստատուած է 2003ին, եւ այդ թուականէն ի վեր, համալսարանական նոր շրջանաւարտներ ձրիաբար ապրած են անոր կեդրոնատեղիին մէջ, երբ քոնկրեսական զանազան գրասենեակներու կամ այլ հաստատութեանց մէջ կ՛ամբողջացնէին իրենց եռամսեայ վարժողական ծրագիրները:
Ծրագիրը կը կրէ անունը երիտասարդ հանգուցեալ գործիչ Յովիկ Սաղտճեանի, որ մահացած էր ինքնաշարժի ողբերգական արկածի մը իբրեւ հետեւանք: Անոր ընտանիքը, այս նպատակին համար հաստատուած հիմնադրամով, վերջին տասնամեակին յատկանշական աջակցութիւն ցուցաբերած է ծրագիրին:
Յատկանշական օժանդակութիւն տրամադրուած է նաեւ Հայ Դատի երկարամեայ աջակցողներ դոկտ. Վահագն Շահինեանէն եւ Շահինեան ընտանիքէն, տէր եւ տիկին Ֆրենք եւ Պարպարա Հեքիմեաններէն, ինչպէս նաեւ Ամերիկահայ վեթերաններու Միլֆըրտի (Մեսեչուսեց) կեդրոնին կողմէ:
2015ին, հանգուցեալ բարերարուհի եւ համայնքային ղեկավար Մարթա Արամեանի ի յիշատակ Արամեան ընտանիքին կատարած նուիրատուութեամբ «Արամեան Տուն»ի գնումը մեծապէս նպաստեց այս ծրագիրի ընդարձակման: Ծրագիրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել anca.org/gateway կայքը կամ դիմել
gateway@anca.org հասցէին: