ՄԱՐՕ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Շաբաթ, 27 Յունուար 2018ին, Կլենտէյլի «Նիւ Եորք Լայֆ»ի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Օգնութեան Միութեան Շրջանային վարչութեան Դաստիարակչական յանձնախումբին կազմակերպած՝ «Խզել Լռութիւնը» թեմայով միօրեայ սեմինարը:
Յատկանշական իր թեմայով այս սեմինարը երկու հանգրուաններէ կը բաղկանար: Առաջինը կ՛ընդգրկէր «Ընտանեկան բռնութիւն» (Domestic Violence), «Սեռային ոտնձգութիւններ» (Sexual Harassment) եւ «Գտէք ձեր ձայնը» (Finding Your Voice) խիստ կարեւոր ու այժմէական նիւթերը, որոնք ներկայացուեցան մասնագէտ դասախօսներու կողմէ: Սեմինարի նիւթերու կարեւորութենէն եւ այժմէականութենէն մեկնած, Հուրի Մելքոնեանի հովանաւորութեամբ՝ անիկա նաեւ ուղիղ եթերով սփռուեցաւ «Հորիզոն» կայանէն, ինչ որ անկասկած նման պարագաներու մէջ գտնուող անհատներու նպաստեց, որ գէթ մտածեն վերջ տալ իրենց ամօթի զգացումներուն, խզել իրենց լռութիւնը եւ պահանջել մարդկային իրենց իրաւունքները: Երկրորդ հանգրուանով ներկայացուեցաւ «Աշխատանք – Մայրութիւն – Գտնել ձեր երջանկութիւնը» կարեւոր նիւթը:
Սեմինարի կազմակերպիչ յանձնախումբին անունով ներկաները ողջունեց ատենապետ Արուս Մելքոնեան, որ վեր առնելով ՀՕՄի հետապնդած մարդասիրական եւ ընկերային նպատակները՝ կեդրոնացաւ սեմինարի կազմակերպման դրդապատճառներուն վրայ, որոնք կը միտին զարգացնել մեր համայնքը՝ իրազեկ պահելով զայն մարդկային իրաւունքներու մասին, ինչպէս նաեւ բարելաւել անոնց կեանքը եւ յուսադրել զանոնք: Այս իմաստով, ան վեր առաւ օրուան դասախօսները, որոնք սիրայօժար իրենց փորձառութիւնները կը կիսեն հանրութեան հետ: Ապա, ներկայացնելով Արի Կիրակոս Ազգային վարժարանի տնօրէն Սանան Շիրինեանը՝ բեմը յանձնեց անոր:
Շիրինեան, ներկայացնելով օրուան դասախօսները՝ տպաւորիչ եւ հետաքրքրական ձեւով կատարեց սեմինարի նիւթերու համադրումը, մէջբերելով իրական կեանքէ առնուած դրուագներ: Ան նաեւ մերթ ընդ մերթ ներկաներուն փոխանցեց իգական սեռի իրաւունքներուն առնչուող օրէնքներ, ինչպիսին էին իգական եւ արական սեռին հաւասար աշխատավարձի վճարում, իրաւունքներու սահմանում, պարտականութիւններու հաւասարեցում եւ այլ կարեւոր նիւթեր՝ մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով սրահէն ներս:
Առաջին հանգրուանով նկատի առնուած «Ընտանեկան բռնութիւն», «Սեռային ոտնձգութիւններ» եւ «Գտէք ձեր ձայնը» նիւթերը ներկայացուցին անոնց մանրամասնութիւններուն քաջածանօթ եւ անոնց առաջքը առնելու գործընթացին մէջ մեծ փորձառութիւն ունեցող զօրավար Լոլա Աբրահամեան, դատախազի փոխօգնական Արմէնուհի Էյմի Աշւանեան եւ ամուսնական ու ընտանեկան խորհրդատու Լարա Մխիթարեան:
Երեք դասախօսներն ալ հերթաբար անդրադարձան էական այս նիւթերուն եւ իրենց փորձառութիւններէն մեկնած իրական դրուագներ պատմեցին՝ չափազանց անհրաժեշտ գտնելով, որ որեւէ տեսակի բռնութիւն պէտք է անմիջապէս տեղեկացուի պետական մարմիններու, որպէսզի անոր առաջքը առնուի: Անոնք նաեւ ներկաներու ուշադրութեան յանձնեցին հայ կիներու պարագան, որոնք ֆիզիքական ու մտային բռնութիւններու, սեռային ոտնձգութիւններու կամ հոգեկան ճնշումներու կ՛ենթարկուին, սակայն ամօթի զգացումէն տարուած՝ կը նախընտրեն լուռ մնալ եւ չարտայայտուիլ: Այս երեւոյթը թէեւ արմատացած է անոնց մէջ, սակայն պէ՛տք է փոխուի, եւ այդ փոփոխութիւնը կը կատարուի արտայայտուելով, իրականութիւնները բարձրաձայնելով եւ իրենց իրաւունքները պաշտպանելով:
Զօրավար Լոլա Աբրահամեանի հաստատումով՝ ֆիզիքական եւ մտային բռնութիւններու ենթարկուողներուն 85 տոկոսը իգական սեռի կը պատկանի, իսկ 15 տոկոսը՝ արական: Անիկա հետեւանք է իշխելու մղումին, որ սկիզբ կ՛առնէ զոհի հոգեկանին նուաստացումով, այնուհետեւ կը վերածուի ֆիզիքականի եւ կրնայ տանիլ մինչեւ անոր մահուան։ Աբրահամեան իրական կեանքէ քաղուած քանի մը դրուագներով պարզեց հայ կնոջ ենթարկուելու տկարութիւնը, զինք բռնութեան ենթարկած ամուսնոյն դէպի լաւ փոխուելու խաբուսիկ խոստումները եւ դատաւորի դիմաց իրականութիւնները թաքցնելու սովորութիւնը, որ հետեւանք է «Ամօ՛թ է, մեզի չի վայելեր» լօզունգ դարձած հայու ասացուածքին:
Դատախազի փոխօգնական Արմէնուհի Էյմի Աշւանեան նոյն մտահոգութիւնը ներկայացուց եւ անհրաժեշտ գտաւ համագործակցիլը զոհին հետ: Ան եւս կենդանի օրինակներ տալով բացատրեց, թէ ընտանեկան բռնութեան ենթարկուած հայ կինը, ամօթի գաղափարէն մեկնած՝ իր դատը չի պաշտպաներ, աւելին՝ կը վախնայ, որ իր ընտանեկան բոյնը կրնայ քանդուիլ: Նոյնիսկ ծայրայեղ պարագաներու, երբ ծեծի ենթարկուած անհատը դատարան ներկայանայ, հակառակ ծեծի ակնյայտ հետքերուն՝ համարձակութիւնը չունենար իրականութիւնը ըսելու, այլ սուտերով կը փորձէ ծածկել իրականութիւնը: Աշւանեան ընդգծեց նաեւ, թէ բռնութիւններու ենթարկուած անհատը պէտք չէ հաւատայ զինք ճնշող անհատի սիրային քաղցր խօսքերուն, այլ պէտք է խզէ իր լռութիւնը, իր իրաւունքը պաշտպանէ եւ կարենայ անկախ ըլլալ:
Ամուսնական եւ ընտանեկան խորհրդատու Լարա Մխիթարեան անդրադարձաւ ֆիզիքական բռնութեան եւ սեռային ոտնձգութիւններուն, որոնք գլխաւորաբար հզօր ըլլալու եւ դիմացինը հսկողութեան տակ առնելու ինքնասիրութենէ կը բխին: Նման անհատներ իրենց զոհին նկատմամբ պարտադրող եւ սպառնացող կ՛ըլլան, տնտեսական չարաշահումներու կը դիմեն, մայրը իր երեխաներէն զրկելու միջոցը կ՛օգտագործեն եւ մանաւանդ զգացմունքային չարաշահումներով կը մեկուսացնեն զայն: Նման ինքնասիրութիւն ունեցող անհատներ խի՛ստ վտանգաւոր են եւ բուժուելու համար պէտք է անպայմա՛ն տեղեկացուին առ որ անկ է։ Մխիթարեանի համաձայն՝ բռնութեան ենթարկուող անհատներուն նկատմամբ պէտք է նրբանկատ ըլլալ եւ ժխտական դատողութիւններ չկատարել, այլ ընդհակառակը՝ գործնական աջակցութիւն ցուցաբերել, որպէսզի նպաստած ըլլանք անոնց անվտանգութեան: Հարկ է անոնց միշտ յիշեցնել, թէ անոնք արժանի են արժանապատուութեան, յարգանքի եւ սիրոյ:
Լոլա Աբրահամեան՝ իբրեւ օրէնքը գործադրող զինուորական, Արմէնուհի Էյմի Աշւանեան՝ իբրեւ արդարութիւնը սահմանող դատաւոր, իսկ Լարա Մխիթարեան՝ իբրեւ ամուսնական եւ ընտանեկան խորհրդատու, ընդգծեցին, թէ ե՛ւ բռնատէր, ե՛ւ բռնութեան զոհերը օգնութեան կարիքը ունին եւ անպայման պէտք է անոնց նկատմամբ հարկն ու պատշաճը կատարել, որպէսզի վտանգաւոր երեւոյթներու առաջքը առնուի, եւ անոնք ուղղուին ու բնականոն կեանքի առաջնորդուին:
Ճաշի դադարէն ետք գործադրուեցաւ սեմինարի երկրորդ բաժինը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Շէյտա Միա Մելքոնեան՝ ներկայացնելով «Աշխատանք – Մայրութիւն – Գտնել ձեր երջանկութիւնը» շահեկան նիւթը:
Ան առաջին հերթին ներկայացուց կիներու իրաւունքներու պատմութիւնը՝ հինէն մինչեւ օրս կատարուած զարգացումներով, անդրադարձաւ կիներու ուսման մակարդակին, որ 40-50ականներուն երկրորդական հարց կը նկատուէր, սակայն 70ականներէն ետք կարեւորուեցաւ եւ շարժումի վերածուեցաւ, իսկ ներկայիս կիներու մօտ ուսումը շատ աւելի բարձր չափանիշ կը ներկայացնէ, քան անցեալին: Ապա խօսելով աշխատանքային եւ տնային մայր ըլլալու երկընտրանքին մասին՝ Մելքոնեան շեշտեց մօր ու զաւակներու առողջ յարաբերութեան կարեւորութիւնը, որ հիմնուած է ուրախութեան եւ միասին որակաւոր ժամանակ անցնելու իրողութեան վրայ: Այս բոլորէն անկախ, դոկտ. Մելքոնեան գլխաւորաբար կեդրոնացաւ կեանքի դժուարութիւնները յաղթահարելու ռազմավարութեան վրայ, որուն առաջին կարեւոր քայլը ժխտականը անտեսելով՝ դրական մտածելն է, ինչպէս նաեւ անձի մը զօրութիւնը, կարողութիւնը եւ սորվածը առօրեայ կեանքին միախառնելը: Այս իմաստով, Մելքոնեան նաեւ մատնանշեց հետեւեալ կէտերը, որոնք դրական ազդեցութիւն կ՛ունենան մայրերու էութեան վրայ.
– Քու դասակարգի մայրերուն հետ յարաբերիր.
– Արձանագրէ իրագործումներդ.
– Առանձնացիր կողակիցիդ հետ եւ փորձառութիւններդ բաժնէ անոր հետ.
– Հոգատար եղիր ֆիզիքական երեւոյթիդ նկատմամբ.
– Մի բաղդատեր անձդ ուրիշի հետ.
– Լսէ ներքին ձայնդ.
– Դժուար պահերդ յաղթահարելու համար օգնութիւն խնդրէ.
– Դուն ղեկավարէ կեանքդ եւ հոսանքով մի տարուիր:
Շեշտելով կեանքի մէջ ուրախ ըլլալու կարեւորութիւնը՝ ան կոչ ըրաւ ներկաներուն իրարու զօրակցելու, զիրար քաջալերելու, հզօրացնելու եւ սիրելու, ապա իր այնքա՛ն օգտաւէտ դասախօսութիւնը աւարտեց Էլիանոր Ռուզվելթի հաստատումով. «Կին մը նման է թէյի տոպրակի, որուն զօրութիւնը չես կրնար իմանալ, մինչեւ որ զայն չդնես տաք ջուրի մէջ»:
Այնքան հետաքրքրական եւ ելեկտրականացած մթնոլորտի մը մէջ ներկայացուած սոյն սեմինարի նիւթերու աւարտէն ետք, հարց-պատասխանի առիթ տր-ուեցաւ: Բոլոր դասախօսներն ալ բծախնդրութեամբ եւ սպառիչ կերպով պատասխանեցին իրենց ուղղուած հարցումներուն:
Ձեռնարկի եզրափակումը կատարեց Շրջանային վարչութեան փոխատենապետուհի Անի Պոսթանեան, որ առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց սեմինարի գլխաւոր հովանաւոր Հուրի Մելքոնեանին, որուն շնորհիւ կարելի դարձաւ ուղիղ եթերով հանրութեան ներկայացնել շահեկան այս սեմինարը, նաեւ՝ հովանաւոր «Նիւ Եորք Լայֆ» հաստատութեան տնօրէնութեան, որ իր սրահը տրամադրելէն բացի՝ նաեւ նուիրատուութեամբ մասնակցեցաւ սեմինարի յաջողութեան: Յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ օրուան դասախօսներուն, որոնց նաեւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Սիլվա Փօլատեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ երախտագիտական հաստատագիրներ: