ԵՐԵՒԱՆ.- Հայ-Ռուսական համալսարանի Շրջանաւարտներու ակումբին հրաւէրով, Հինգշաբթի, 8 Փետրուարին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջարկուած Արմէն Սարգսեանի հանդիպումը համալսարանի տնօրէն, նախկին վարչապետ Արմէն Դարբինեանի եւ Շրջանաւարտներու ակումբի անդամներու հետ:
Երիտասարդ մասնագէտները Արմէն Սարգսեանին յայտնեցին իրենց մօտեցումները՝ զանազան ոլորտներուու մէջ գոյութիւն ունեցող առաջնահերթ հարցերուն եւ ընելիքներուն մասին: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնեցին մասնակցելու եւ սատարելու պետութեան ու տնտեսութեան ամրապնդման հարցերու լուծման գործին:
Արմէն Սարգսեան ծրագրած է նաեւ հանդիպիլ Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան եւ Հայ ազգային կոնգրեսի ներկայացուցիչներու հետ:
Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ Արցախի մէջ, ուր ան ծրագրած է այցելել Ուրբաթ, 9 Փետրուարին: Հնչակեաններու հետ հանդիպումը նախատեսուած է յառաջիկայ Կիրակի օր:
Նախքան Երեւան վերադառնալը, Արմէն Սարգսեան Լոնտոնէն մեկնած էր Փարիզ, ուր հանդիպած էր ֆրանսացի խորհրդարանականներու հետ: