ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Չորեքշաբթի, Փետրուար 7ին, Արեւմտեան Ամերիկայի ՀԵԴի անդամներ ներկայ եղան Արեւմտեան Լոս Անճելըսի առեւտուրի գրասենեակին կողմէ կազմակերպուող հերթական նախաճաշին, որուն այս անգամուան հիւրը Լոս Անճելըսի մօտ Թուրքիոյ նոր հիւպատոս Չան Էօկիւզն էր։
Նման հաւաքներու նպատակն է քննարկումներ կատարել հրաւիրեալներուն ներկայացուցած երկիրներուն կամ հաստատութիւններուն հետ առեւտուրի զարգացման կարելիութեանց մասին։
Սակայն, թուրք հիւպատոսը իրեն դէմ գտաւ Թուրքիոյ մարդկային իրաւանց ոտնակոխումներու փաստերով զինուած ՀԵԴականներ, որոնք նաեւ ներկայացուցին Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն, ինչպէս նաեւ Քալիֆորնիոյ նահանգային խորհրդարանին կողմէ տրուած՝ Թուրքիայէն ներդրումները ետ քաշելու առնչուող որոշումները, այդ երկրին կառավարման բռնատիրական ոճին պատճառով։
ՀԵԴականները շեշտեցին, թէ ներկայ պայմաններուն տակ՝ ո՛չ ոք պէտք է մտածէ Թուրքիոյ մէջ ներդրումներ կատարելու մասին, յիշեցնելով, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը վերջերս յանձնարարած էր իր քաղաքացիներուն, որ Թուրքիա չայցելեն։
Հիւպատոսը քանի մը խուսափողական պատասխաններ տուաւ՝ փորձելով երկրին բոլոր հարցերը կապել զինուորական յեղարջման 2016ի փորձին, միաժամանակ պնդելով, որ կառավարութեան խիստ միջոցառումներուն թիրախը քրտական կամ այլ «ահաբեկչական» կազմակերպութիւններն են, որոնք կը փորձեն խախտել երկրի կարգն ու կանոնը։
Կազմակերպիչները դժբախտաբար առիթ չտուին ՀԵԴականներուն, որ այս պնդումները ջրեն, սակայն անոնցմէ մէկը կրցաւ ըսել, թէ նախապատուութիւն պէտք չէ տրուի դրամ շահելու ջանքերուն՝ ի գին մարդկային իրաւանց եւ բարոյականութեան։