ԱՐՑԱԽ.- 28 Յունուարին, ՀՅԴ Արցախի 22րդ Շրջանային ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները:
Ժողովին ներկայ էին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Արցախի շրջանաւարտ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, ՀՅԴ Արցախի բոլոր մարմիններէն եւ հրաւիրեալ ընկերներ:
Ժողովը գնահատեց շրջանաւարտ ԿԿի երկամեայ գործունէութիւնը, քննարկեց նորընտիր ԿԿի ընելիքները: Ժողովի աւարտին տեղի ունեցաւ նոր Կեդրոնական կոմիտէի ընտրութիւնը:
Յետ քուէարկութեան, ընտրուեցաւ Կեդրոնական կոմիտէի հետեւեալ կազմը՝ Դաւիթ Իշխանեան, Վահրամ Բալայեան, Կամօ Բարսեղեան, Սեւակ Խաչատրեան, Մհեր Պօղոսեան, Ժիրայր Շահիջանեան, Վահագն Դադայեան եւ Գագիկ Մարտիրոսեան։
Ութ հոգի՞ ընտրուեցան թէ սխալ կայ: