ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Ճերի Պրաուն վերջերս Լոս Անճելըս գաւառի Գերագոյն ատեանի դատաւոր նշանակած է Վիքթորիա Պետրոսեան-Ուիլսընը, որ ցարդ նահանգի արդարադատութեան բաժանմունքին մէջ ընդհանուր դատախազի տեղակալն էր՝ ստանձլով շարք մը յատկանշական դատերու պատասխանատուութիւնը։
Յատկանշական է, որ անոր ստացած դատական մրցանակներէն մէկը՝ «Կատարելագործման մրցանակ»ը, 2007ին յանձնուած էր նոյնինքն նահանգապետ Ճերի Պրաունի կողմէ, որ այդ օրերուն նահանգի ընդհանուր դատախազն էր։
Վիքթորիա Պետրոսեան-Ուիլսըն իրաւաբանի վկայականը ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի իրաւաբանական բաժանմունքէն, իսկ քաղաքական գիտութեանց վկայականը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն։ Ան շրջանաւարտ է Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի։
Congratulations Judge Victoria Bedrossian-Wilson…. Here is another success story of a Rose and Alex Pilibos Armenian School..