Տարեշրջան մըն ալ անցաւ: Նոր տարեմուտին լաւագոյն բարեմաղթութիւններ՝ մեր բոլոր ընթերցողներուն, որոնք խմբագրութեանս հետ ճամբորդեցին տարի մը եւս:
Անցեալ տարի քաղաքական, տնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւնները շատ հարուստ էին, բազմազան: Տպագիր մամուլի սահմաններուն մէջ խմբագրութիւնս իր տեղեկատուական պարտաւորութիւնները կատարեց, տուն տուաւ մտաւորական դէմքերու խոհերուն, տեսակէտներուն, անդրադարձաւ մշակութային երեւոյթներու: Սակայն
այժմէական տեղեկատուական ճարտարագիտական յառաջխաղացքը կը պարտադրէ նորարարական միջոցներու որդեգրումը՝ մեր ընթերցողներուն հետաքրքրութիւնը գոհացնելու, նոր ընթերցողներ ներգրաւելու համար, ինչպէս նաեւ նոր եկամուտի աղբիւրներ ձեռք ձգելու՝ գանձատրել կարենալու համար նորարարութիւնները:
Լրասփիւռներու գործը դադար չունի, սահմանը՝ անոր աշխատուժին կարողութիւնն է:
Թուային աշխարհը բազմապատկած է լրատու միջոցներու լուր փոխանցելու, լուր տարածելու կարելիութիւնները: Եթէ մինչեւ այժմ «Նոր Յառաջ» դեռ չէր թեւակոխած թուային աշխարհը, հիմնական պատճառը կարող մարդուժի պակասն էր եւ՝ անոր պատրաստութեան համար պահանջուած երկար ժամանակը: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ մարդուժի եւ նիւթական մեծ ներդրումի կարիք կայ նման ոստում մը կատարելու համար, մանաւանդ՝ «Նոր Յառաջ»ի նման փոքր ընկերութեան պարագային, որ կը յանդգնի մնալ անկախ՝ արեւմտահայերէնը եւ դասական ուղղագրութեան գործածութիւնը կենսունակ պահպանելու մտադրութեամբ:
Ինչպէ՞ս մուտք գործել այդ տարածքը՝ առանց ցնցուելու, առանց տնտեսապէս անյաղթահարելի դժուարութիւններու առջեւ գտնուելու:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան օժանդակութեամբ կարելի եղաւ անցեալ երեք տարուան ընթացքին նախնական փորձարկումներ կատարել: Կարելի եղաւ երկլեզու թերթի հրատարակութիւնը հիմնաւորել: Պահն է նաեւ երկլեզու կայքէջ մը ապահովելու:
2018 տարեշրջանը պիտի դիմաւորենք թուային աշխարհ մուտք գործելով: Յոյսով ենք, որ այս նոր էջը «Նոր Յառաջ»ի գործունէութիւնը կ՛ամրապնդէ եւ անոր ընթերցողներուն շրջանակը կ՛ընդլայնէ, ինչպէս նաեւ անոր առաքելութեան հաւատացողներու թիւը կը մեծցնէ, որպէսզի անիկա նպաստէ ֆրասեւհայկական, ինչպէս նաեւ Հայաստան-Եւրոպա յարաբերութիւններու զարգացման, հայկական աշխարհի տեղեկատուութեան շրջանառութեան ծաւալումին, մտաւորականութեան եւ երիտասարդութեան միջեւ նոր կապերու ստեղծման:
Այս քայլը կարեւոր է նաեւ արեւմտահայերէնի եւ դասական ուղղագրութեան գործածութեան աւելի լայն շրջանակ ստեղծելու տեսանկիւնէն: Եւ նկատի ունենալով ֆրանսերէնով հայկական կայքերու հազուագիւտ հանգամանքը՝ ֆրանսախօս հասարակութեան համար ֆրանսատառ հայկական նոր լրատու կայքի մը հաստատումը անհրաժեշտութիւն է:
«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»