
ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 26ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի մէջ իսլամական տիրակալութեան նախնական շրջանին մասին 8րդ դարու պատմիչ Ղեւոնդի գործին նուիրուած քննարկում մը: Ձեռնարկին համահովանաւորն է «Լիան Փիթըրզ» հիմնարկը։
Ընթացքին պիտի բանախօսեն հայագիտականի դասախօսներէն դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթա եւ Թենըսիի համալսարանէն դոկտ. Էլիսըն Վաքա։
Ղեւոնդ վարդապետ գրած է Հայաստանի 632-788 թուականներու պատմութիւնը, իբրեւ դէպքերու մէկ մասին ականատեսը: Ղեւոնդը Հայաստանի մէջ արաբական տիրապետութեան հաստատման, նուաճող արաբներուն դէմ հայերու պայքարին եւ յատկապէս 703, 748, 762 եւ 774-775 թուականներու ապստամբութիւններուն մասին

գիտելիքներու հիմնական աղբիւրն է: Ան մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է նաեւ երկրի ներքին կեանքին վրայ եւ փոխանցած է Մեծ Հայքի, Աղուանքի եւ Վիրքի մէջ արաբներուն վարած հարկային քաղաքականութեան նկարագրութիւնը: Գիրքին մէջ կայ նաեւ արաբ «խալիֆա» Օմար Բ.ի եւ բիւզանդական կայսր Լեւոն Գ.ի՝ դաւանաբանական հարցերով նամակագրութիւնը, որուն յունարէն բնագիրը անհետացած է:
Նշեալ ներկայացումը մաս կը կազմէ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի աշնանային դասախօսութեանց շարքին: Բանախօսութեան մուտքը ազատ է, եւ նշեալ հատորէն օրինակներ տրամադրելի պիտի ըլլան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին, կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: