ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան պիտի մասնակցի Յունուար 23էն 26 Տաւոսի (Զուիցերիա) մէջ կայանալիք 48րդ ամէնամեայ համաշխարհային տնտեսական խորհրդաժողովին:
Վաչապետի մամլոյ քարտուղար Արամ Արարատեան այս մասին տեղեկացնելով՝ կը յայտնէ. «Դեռեւս հաստատուած չէ վարչապետի գլխաւորած պատուիրակութեան կազմը: Հաւանաբար, այն կը հաստատուի միւս շաբաթուայ ընթացքում: Կարէն Կարապետեանն, ամենայն հաւանականութեամբ, ելոյթ կ՛ունենայ ֆորումում»:
Նշենք, որ Հայաստան Տաւոսեան խորհրդաժողովին վերջին անգամ մասնակցած է 2009ին: