ԼՈՆՏՈՆ, «Պի.Պի.Սի.».- Յունուար 11ին բացայայատուեցաւ, որ «Ուիքիլիքս» կայքի հիմնադիր Ժուլիէն Ասանժ Էքուատորի քաղաքացիութիւն ստացած է անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 12ին։
Էքուատորի իշխանութիւնները նաեւ դիմած են Բրիտանիոյ իշխանութիւններուն, որ Ասանժը իրենց մօտ արձանագրեն իբրեւ դիւանագէտ, անոր անձեռնմխելիութիւն ապահովելու նպատակով։
Ասանժ 2012էն ի վեր կը գտնուի Լոնտոնի մօտ Էքուատորի դեսպանատունը՝ փորձելով խուսափիլ արտայանձնումէն: Ան մտավախութիւն ունի, որ զինք կրնան արտայանձնել Միացեալ Նահանգներուն, ուր ան կը հետապնդուի՝ ամերիկեան զինուորական եւ դիւանագիտական հարիւր հազարաւոր գաղտնի փաստաթուղթերու արտահոսքին համար: