ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ բանակի սպայակոյտը յայտարարեց, որ սուրիական զինեալ ընդդիմութեան կողմէ Սուրիոյ մէջ ռուսական դիրքերու վրայ յարձակումին համար օգտագործուած անօդաչու թռչող սարքերու քննութեան հիմամբ յստակ կը դառնայ, թէ այդպիսի սարքեր անկարելի է տեղական մակարդակի վրայ արտադրել, եւ թէ անոնց ձեւաւորման ու օգտագործման մասնակից դարձած են անօդաչու թռչող սարքեր արտադրող ու օգտագործող երկիրներու մէջ յատուկ մարզում ստացած մասնագէտներ:
Ըստ քննութեան նախնական արդիւնքին՝ օգտագործուած պայթուցիկ նիւթը կ՛արտադրուի շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին՝ Ուքրանիոյ եւ յատկապէս անոր քիմիական նիւթերու արտադրութեան «Շուսթիքա» գործարանին մէջ։ Այժմ յատուկ քննութիւն կը կատարուի՝ ճշդելու համար նիւթը արտադրած երկիրը:
Սպայակոյտը յայտնեց նաեւ, որ զինեալները օգտագործած են նոր սարքեր, որոնք միայն քանի մը օր առաջ սկսած են վաճառուելու տարբեր երկիրներու մէջ:
Աւելի ուշ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց. «Թուրքիա մեղսակից չէ՛ Սուրիոյ մէջ ռուսական զինուորական թիրախներուն դէմ անօդաչու թռչող սարքերով յարձակումին»: Ըստ անոր՝ այդ յարձակումը «գրգռութեան եւ գործընկերներու, մասնաւորաբար Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն վնաս հասցնելու փորձ մըն է»:
Քրեմլին հաղորդեց, որ Փութինի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ Յունուար 11ի գիշերը տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին երկու կողմերը նշած են Սուրիոյ տագնապի քաղաքական լուծման առաջնահերթութիւնը: Երկու ղեկավարները ընդգծած են, որ Սոչիի խորհրդաժողովէն պահանջուածը Սուրիոյ մէջ լուծումին մեծ նպաստ բերելն է: Անոնք նաեւ շեշտած են Սուրիոյ վերաբերեալ Ասթանայի համաձայնութիւնները գործադրելու կարեւորութիւնը:
Աւելցնենք, որ ռուսական զինուորական աղբիւրներ Յունուար 12ին հաղորդեցին, թէ իրենց դիրքերուն վրայ յարձակած զինեալներու խմբակը «ոչնչացուած է» Իտլիպի մէջ, նոյն օրը տեղի ունեցած զինուորական գործողութեան մը ընթացքին։
Միւս կողմէ, բրիտանական «Թայմզ» թերթը զրուցած է Սուրիոյ հիւսիսը գործող քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր խմբաւորման հրամանատարներէն Ապտուլքատիր Աֆետիլիի հետ, որ մեծ դեր ունեցած է յատկապէս վերջին ամիսներուն Սուրիոյ հիւսիսը քիւրտ զինեալներու կողմէ կատարուած գործողութիւններուն մէջ: Ան յայտարարած է, որ քիւրտ զինեալները իրենց վերահսկողութեան տակ կը պահեն Սուրիոյ տարծքին շուրջ 25 առ հարիւրը, ինչպէս նաեւ իրենց շարքերուն մէջ ունին աւելի քան 50,000 զինեալներ: Ապտուլքատիր իրենց վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքները կոչած է «ազատագրուած»՝ նշելով, որ այդ մէկը յաջողած են ընել՝ Միացեալ Նահանգներու ղեկավարած միջազգային դաշինքի ուժերուն հետ միացեալ պայքարին իբրեւ արդիւնք:
«Թուրքիա, Իրան եւ Ասատի վարչակարգը պէտք է ուրախ ըլլան, եթէ կարենան մեզմէ խլել այն ամէնը, ինչ մեր վերահսկողութեան տակ առած ենք այս ընթացքին. մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ամէն ինչի», ըսած է քիւրտ հրամանատարը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ քրտական ուժերը կ՛ուզեն որոշ համաձայնութիւն գոյացնել Ասատի վարչակարգին հետ, սակայն եթէ չյաջողին՝ պիտի շարունակեն պայքարիլ:
Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզինի հետ հանդիպումի ընթացքին «դաւաճան» անուանած էր քրտական ջոկատները՝ շեշտելով, որ անոնք աջակցութիւն կը ստանան Միացեալ Նահանգներէն:
Մինչ այդ, սուրիական զինեալ ընդդիմութիւնը յայտարարեց, որ Իտլիպի հարաւ-արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ հակայարձակում շղթայազերծած է սուրիական բանակին վերջերս գրաւած դիրքերուն դէմ: Սուրիական բանակին դէպի Ապու Տուհուր զինուորական օդակայան յառաջխաղացքը կասեցնելու նպատակով՝ տարբեր առանցքներէ շղթայազերծուած սոյն յարձակումին կը մասնակցին քանի մը իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներ: «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այդ խմբաւորումներէն «Ֆայլաք Շամ»ը կ՛օգտագործէ թրքական բանակի զրահապատ ծանր զէնքեր ու հրետանի, որոնք խմբաւորումին տրամադրուած էին Հալէպի գիւղական շրջանին մէջ «Իսլամական պետութեան» դէմ մղուած կռիւներուն ընթացքին:
Նշենք, որ սուրիական բանակն ու անոր դաշնակիցները Իտլիպի հարաւային գիւղական շրջանին մէջ շատ արագ յառաջխաղացք արձանագրեցին եւ գրաւեցին Ապու Տուհուր օդակայանին մօտ «Ճապհաթ Նուսրա»ի պաշտպանական վերջին գիծը:
«Նաշրա» կայքը իր կարգին կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը Յունուար 12ին սանձած է զինեալ խմբաւորումներու նորագոյն յարձակումը եւ սկսած է վերատիրանալու այն դիրքերուն, որոնցմէ ժամանակաւորապէս նահանջած էր: