ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը դրական եզրակացութիւն տուաւ Օգոստոս 2014ին Իրաքի եզիտիներուն նկատմամբ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ իրականացուած ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութեան նախագիծին:
«Նման հարցերը կարեւոր են թէ՛ մարդասիրական, թէ՛ իրաւական, թէ՛ քաղաքական տեսակէտներից: Լինելով ցեղասպանութիւն վերապրած ժողովուրդ, մենք լաւագոյնս ենք հասկանում մեր բարեկամ եզդի ժողովրդի վիշտը», ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան: