ՖՐԵԶՆՕ.- Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի Հայագիտական ծրագիրին կազմակերպութեամբ, Ուրբաթ, Յունուար 19ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին, համալսարանի Գործարարական բաժանմունքի «Ալիս Փիթըրզ» սրահին մէջ (թիւ 191) տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի եւ Հայ եկեղեցիին կողմէ շնորհուած եւ շնորհուող պարգեւներուն նուիրուած ներկայացում մը:
Բանախօսն է Նիկա Բաբայեան, որ 2011ին եւ 2016ին երկու հատորներ հրատարակած է՝ 17րդ դարէն ի վեր շնորհուող այս պարգեւներուն նուիրուած։ Անոր առաջին գիրքը կ՛առնչուի 1918-1939 տարիներուն Հայաստանի կառավարութեանց շնորհած շքանշաններուն, իսկ երկորդը՝ Հայ Առաքելական, Կաթողիկէ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու պարգեւներուն։ Բաբայեան պիտի խօսի նաեւ Սփիւռքի զանազան կազմակերպութեանց մրցանակներուն եւ շքանշաններուն մասին։
Ներկայացումը մաս կը կազմէ համալսարանի Հայագիտական ծրագիրի աշնանային դասախօսութեանց շարքին: Բանախօսութեան մուտքը ազատ է, եւ նշեալ երկու հատորէն օրինակներ տրամադրելի պիտի ըլլան:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել (559) 278-2669 թիւին կամ այցելել www.fresnostate.edu/armenianstudies կայքէջը: