ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Լրագրող Լիլիթ Մուրատեան կը հաղորդէ, որ Ազգային ժողովի «Ելք» խմբակցութիւնը ցոյց կազմակերպած է ընդդէմ թանկացումներուն: Ցոյցը տեղի պիտի ունենայ 19 Յունուարին:
Ընդդիմադիր խմբակցութիւնը կը հաւատայ, որ 2018ի առաջին օրերէն սկսեալ, թանկացումները կը սպառնան ընկերային լուրջ հետեւանքներով, եւ հանրութիւնը պէտք է կառավարութեան ստիպէ գնաճը զսպող քայլերու դիմել:
«Ո՛չ թանկացումներուն եւ հարկային բեռի աւելացման» կարգախօսով 19 Յունուարի բողոքի երթը պիտի շարժի քաղաքի կեդրոնական փողոցներով՝ սկիզբ առնելով Մոսկուա շարժապատկերի սրահի հրապարակէն: