ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ Կիրակի, Յունուար 7ին, Լոս Անճելըսի մէջ գործող Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան Համայնքի հետ կապի բաժինին նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է գիրքի նուիրատուութեան արշաւ մը, որուն նպատակն է հարստացնել քաղաքի հանրային Կեդրոնական գրադարանին եւ անոր 72 մասնաճիւղերուն հայկական բաժիններու հաւաքածոն:
Հիւպատոսութեան կից Համայնքային յանձնախումբին ջանքերով կայացած է առաջին միջոցառումը, որուն ընթացքին ամերիկահայ համայնքէն անհատներ եւ տարբեր հաստատութիւններ 18 արկղ գիրք նուիրած են գրադարանին:
Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է Հայաստանի հիւպատոս Արմելլա Շաքարեան: Ան նշած է, որ այս նախաձեռնութեան հիմնական նպատակն է քաղաքի Կեդրոնական գրադարանը հարստացնել հայերու եւ Հայաստանի մասին գիրքերով՝ վստահութիւն յայտնելով, որ այս նախաձեռնութիւնը կը խթանէ Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ գործակցութիւնը։
Գիրքի նուիրատուութեան այս նախաձեռնութիւնը ողջունած է նաեւ Լոս Անճելըսի Կեդրոնական գրադարանի տնօրէն Ճան Զապօ՝ նշելով, որ համաշխարհային մակարդակի հանրային գրադարաններու իրենց համակարգը՝ Կեդրոնական գրադարանով եւ 72 մասնաճիւղերով, հնարաւոր չէ պատկերացնել առանց հայկական բաժինի գիրքերու, ֆիլմերու եւ այլ նիւթերու, որոնք կը ներկայացնեն քաղաքին մէջ նշանակալից դեր ունեցող հայ համայնքը:
Համայնքային յանձնախումբի անդամ Քրիստին Ճերեան յայտնած է, որ Լոս Անճելըսի հանրային գրադարաններու համակարգը հայկական գրականութեամբ հարստացնելու սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի ամբողջ տարուան ընթացքին:
Այս արշաւին մասնակցած անհատներն ու հաստատութիւնները գլխաւոր հիւպատոսութիւնից յատուկ հրաւէ՞ր էին ստացել: Այլապէս՝ ո՞նց իմացան…: