Պատրաստեց՝ ԳԷՈՐԳ ԵԱԶԸՃԵԱՆ
– Աբովեան Խաչատուր, «Վէրք Հայաստանի», արեւմտահայերէնի փոխադրումը եւ նախաբանը՝ Արմենակ Եղիայեանի, Բ. հրատարակութիւն, ներածական գրութիւններ՝ մատենաշարի հիմնադիր-հրատարակիչ Խաժակ Գալուստեանի եւ հայրենի գրականագէտ Երուանդ Տէր Խաչատուրեանի, «Հայոգի» մատենաշար թիւ 9, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2017, 464 էջ (14.3 x 21.5 սմ.):
– Աթաշ Մուրատ, «Արմինէ (Չարաք Լերան Աքսորը)», խմբագիր՝ Ռոպեր Թոփթաշ, «Արաս» հրատարակչութիւն, Սթամպուլ, 2017, 224 էջ (Սեբաստիոյ շրջանի գիւղերէն մէկուն եղեռնը եւ տարագրութիւնը), թրքերէն:
– Ալեքսանեան Երուանդ, «Մղ-ուած Դէպի Ցեղասպանութիւն. Օսմանեան Թրքական Բանակի Հայ Զինուորի Մը Յուշերը», հրատարակիչ՝ Ատրիէն Երուանդի Ալեքսանեան, ներածութիւնը՝ Սերճիօ լա Փորթայի, մուտքի խօսքը՝ Իսրայէլ Չարնիի, Կլենտէյլ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, 2017 (սեբաստացի հայ զինուորի ականատեսի վկայութիւնները Մեծ Եղեռնէն ու յետագային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ հաստատուած այս հայուն կեանքի պատմութիւնը), անգլերէն:
– Աճէմեան Սիլվի (կազմող), «Երգիծանկարիչ Տիրան Աճէմեան 1904-1991», Պէյրութ, 2017, 200 էջ (հայկական եւ օտար մամուլին տասնամեակներով աշխատակցած լիբանանահայ անուանի երգիծանկարիչին գունաւոր եւ սեւ-ճերմակ 223 երգիծանկարներու ալպոմը), ֆրանսերէն:
– Այնթապլեան Յակոբ եւ Սար-գսեան Արտեմ, «Անհարկի Յաճախակի Գործածուող Օտար Բառերու Հայերէն Համարժէքներու Բառարան», տպարան «Երեւան», Լոս Անճելըս, 2017, 104 փոքրակազմ էջ:
– Ապտել Հալիմ Ուաֆա՛ա Մահմուտ, «Հայերը Հնդկաստանի Մէջ Հնագոյն Դարերէն Մինչեւ Մեր Դարը», վերատեսութիւնը եւ յառաջաբանը՝ Սալահ Ապտէլ Ազիզ Մահճուպի, հրատարակիչ՝ Գահիրէի համալսարանի Արուեստից բաժանմունքի Հայկական ուսումնասիրութեանց կեդրոն, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 153 էջ (14.4 x 21.3 սմ.) (քարտէսներ, լուսանկարներ, օգտագործուած աղբիւրներու ցանկ, հրատարակիչ կեդրոնի հրատարակութեանց ցուցակ), արաբերէն:
– Առաքելեան Ռոյ, «Ադրիանապոլիսը (Էտիրնէ) Եւ Իր Հայ Համայնքը», Փարիզ, 2017, ֆրանսերէն:
– «Գարեգին Ա. Յովսէփեան Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1943-1952)», կազմող եւ ծանօթագրող՝ Գոհար Աւագեան, վերստուգող սրբագրիչ եւ ծանօթագրող՝ Գէորգ Եազըճեան, Ա. հատոր, հրատարակիչ՝ Հայաստանի Ազգային արխիւ, Երեւան, 2017, Բ. հատոր, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի թիւ 90, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, Լիբանան, գումարային շուրջ 1500 էջ (17 x 24 սմ.) (փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ժողովածուներ, շուրջ 1200 ծանօթագրութիւններ, անձնանուններու, տեղանուններու եւ հրատարակուած փաստաթուղթերու եւ նիւթերու ցանկեր):
– «Հայկական Հարցը Արաբական Մամուլին Մէջ 1876-1923», «Հայերը Եւ Երիտթուրքերը 1897-1907» եօթհատորեակի Գ. հատոր, մատենաշարի գիտական ղեկավար՝ Մուհամմատ Ռիֆաաթ ալ-Իմամ, հրատարակութիւն ՀԲԸ Միութեան Գահիրէի մասնաճիւղի «Սաթենիկ Չագըր» հիմնադրամի, տպարան «Նուպար», Գահիրէ, 2017, 780 էջ (17 x 24 սմ.) (Ապտուլ Համիտ Բ.ի կազմակերպած հայկական ջարդերէն ետք մինչեւ Յուլիս 1908ի երիտթրքական յեղաշրջման ժամանակաշրջանին եգիպտական մամուլին մէջ Հայկական Հարցին մասին լոյս տեսած 330 հրապարակումներու լուսապատճէններ եւ նոյն հրապարակումներու համակարգչային շարադրանքներ, ծանօթագրութիւններ, հրապարակումներու ցուցակը՝ վերնագիրներով եւ հրատարակման թուականներով), արաբերէն:
– Յակոբեան Արարատ, «1937 Թուականը Հայաստանում. Քննական Դիտարկումներ Քաղաքական Բռնաճնշումների 80ամեայ Տարելիցի Առթիւ», պատասխանատու խմբագիր՝ Ամատունի Վիրապեան, «Զանգակ» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 96 էջ (14.5 x 20 սմ.) (ռուսերէն եւ անգլերէն ամփոփումներ): Հրատարակուած է ՀՀԳԱԱ Պատմութեան հիմնարկի Նորագոյն պատմութեան բաժինի որոշումով:
– Ոսկանեան Անի, «Ատանայի Նահանգի Հայերի Տնտեսական Վիճակը. 1909թ. Ունեզրկում», Ա. գիրք, խմբագիր՝ Արմէն Մարուքեան, ՀՀԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 208 էջ + 24 էջ ներդիր (15 x 20.8 սմ.) (անգլերէն ամփոփում, օգտագործուած սկզբնաղբիւրներու եւ գրականութեան ցանկ, յաւելուած՝ մարդահամարներ եւ մէկ փաստաթուղթ, բազմաթիւ լուսանկարներ): Գիրքը տպագրութեան երաշխաւորած է ՀՀԳԱԱ Միքայէլ Քոթանեանի անուան Տնտեսագիտութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդը:
– Ալ-Պայտա՛ի Ճաուատ Քազեմ, «Հայաստանը Արաբական Իսլամական Աղբիւրներու Մէջ. Հայաստանի Պատմութեան Ուսումնասիրութիւնը Արաբական Իսլամական Աղբիւրներու Ընդմէջէն», հրատարակութիւն Քրտական ուսումնասիրութեան իրաքեան հաստատութեան, «Ալ-Քաուսար» հրատարակչութիւն, Պաղտատ, Մայիս 2017, 192 էջ (աղբիւրներու մատենագիտութիւն, յաւելուածներ, նկարներ), արաբերէն:
– Պապիկեան-Ասսաֆ Քրիսթին, Էտտէ Քարլա, Նորտիկեան Լեւոն, Թաշճեան Վահէ (խմբագիրներ), «Լիբանանահայերը. Հարիւր Տարուայ Ներկայութիւն», Յիսուսեան հայրերու «Սեն Ժոզէֆ» համալսարանի հրատարակութիւն, Քասլիք, Լիբանան, 2017, ֆրանսերէն:
– Պօղոսեան Ստեփան, «Հայկական Հարցի Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւն. Նահատակներ Յաւերժութեան», Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Կարօ Վարդանեան, տպարան «Բեկոր», Երեւան, 2016 (բովանդակութիւնը մեծ մասամբ նուիրուած է Հայաստանի Ազատագրութեան հայ գաղտնի բանակի գործունէութեան, կազմակերպութեան նահատակներու եւ մահացած անդամներու լուսանկարներ՝ անոնց մասին հակիրճ տեղեկութիւններով):
– Սապահ-Գիւլեան Ստեփան, «Պատասխանատուները», Գ. տպագրութիւն, հրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, յառաջաբանը՝ Եղիկ Ճէրէճեանի, խմբագրումը, ծանօթագրութիւններու հեղինակումը եւ շարադրանքի վերանայումը՝ Գէորգ Եազըճեանի, ընդհանուր խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, «Լուսակն» տպարան, Երեւան, 2017, 384 էջ (14.5 x 20.2 սմ.) (ՍԴ Հնչակեան Կուսակցութեան կարկառուն ղեկավարը կը ներկայացնէ ու կը քննարկէ Հայկական Հարցին զարգացումները 20րդ դարու առաջին 15 տարիներուն՝ Իթթիհատի նկատմամբ հայկական կուսակցութիւններու դիրքորոշումներու լոյսին տակ, ծանօթագրութիւնները՝ շարադրանքին մէջ):
– Սարգսեան Արմէն Շաւարշի, «Զաւեշտի Դրսեւորման Միջոցները Հայ ժողովրդական Երգիծական Մանրապատումներում Եւ Զուարճախօսութիւններում», գիտական խմբագիր՝ Դաւիթ Կիւրճինեան, խմբագիր՝ Անահիտ Խանումեան-Սարգսեան, ՀՀԳԱԱ «Գիտութիւն» հրատարակչութիւն, Երեւան, 2017, 300 էջ (14.7 x 20.4 սմ.) (ՀՀի եւ Արցախի մէջ վերջին տասնամեակներուն շրջանառուած ժողովրդային զուարճապատումներու համակողմանի ներկայացումը եւ գիտական վերլուծումը, յաւելուածներ՝ հարիւրաւոր զուարճապատումներով, օգտագործուած գրականութեան եւ համառօտագրութեանց ցանկեր): Գիրքը տպագրուած է ՀՀԳԱԱ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի գիտական խորհուրդի որոշումով:
– Տէր Մինասեան Ռուբէն, «Հայաստանի Հանրապետութիւնը», հրատարակութիւն Հայկական ուսումնասիրութիւնների «Անի» կենտրոնի, խմբագրումը, ծանօթագրութիւններու հեղինակումը եւ շարադրանքի վերանայումը՝ Գէորգ Եազըճեանի, ընդհանուր խմբագիր՝ Թաթուլ Յակոբեան, «Լուսակն» տպարան, Երեւան, 2017, 240 էջ (14.5 x 20.2 սմ.) (մեծ հատուածի մը վերատպումը դաշնակցական անուանի գործիչի «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները» բազմահատորեակի Է. հատորէն, ուր կը քննարկուին պետական գործերուն մէջ կուսակցութեան դերին վերաբերեալ տարբեր մօտեցումները ՀՅԴի ղեկավարութեան մէջ, ծանօթագրութիւնները՝ շարադրանքին մէջ):
– Օշական Յակոբ, «Համապատկեր Արեւմտահայ Գրականութեան», Զ. հատոր, արուեստագէտ սերունդ, Բ. հրատարակութիւն, խմբագիր՝ Վարուժան արք. Հերկելեան, հրատարակութիւն «Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակ»ի թիւ 93, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տպարան, Անթիլիաս, 2017: