ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- ՀՅԴ խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան, պատասխանելով այն հարցին, թէ արդեօք ընդդիմութիւնը կրնա՞յ փորձել որեւէ բողոքի ցոյց կազմակերպել այն ժամանակաշրջանին, երբ սահմանադրական բարեփոխումները վերջնական ուժի մէջ պիտի մտնեն, հաշուի առնելով այն փաստը, որ Հայաստանի գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի լիազօրութիւնները Ապրիլին կ՛աւարտին:
Կրնայ ըլլալ, որ որեւէ խումբ փորձէ բանի մը ձեռնարկել, բայց այդ մէկը բոլորովին չի կրնար ազդել քաղաքական գործընթացներու վրայ, բացատրած է Վարդանեան՝ վստահութիւն յայտնելով, որ Հայաստանի մէջ ընդդիմութիւնը չի կրնար որեւէ լուրջ բողոքի ցոյց կազմակերպել:
«Ձեռնարկւում են հետեւողական քայլեր, որոնք բխում են Սահմանադրութեան նոր խմբագրութիւնից: Բայց նմանատիպ որեւէ սպառնալիք Հայաստանում գոյութիւն չունի», ամփոփեց ՀՅԴ ներկայացուցիչը: