Նախագահ Սերժ Սարգսեան, առաջին տիկին Ռիդա Սարգսեանի հետ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Վրաստան:
Դիմաւորման պաշտօնական արարողութենէն ետք, Վրաստանի նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Գիորգի Մարկվելաշվիլիի առանձնազրոյցը, որուն յաջորդեց ընդլայնուած կազմով հայ-վրացական բարձր մակարդակի բանակցութիւնները՝ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ:
Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարկվելաշվիլի ողջունեց բարեկամ Հայաստանի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը Թիֆլիսի մէջ՝ ընդգծելով, թէ ինք ուրախ է, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25ամեակի տարին կ՛աւարտի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նշանակալի այցով, որ նոր ազդակ պիտի հաղորդէ միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման եւ երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ամրապնդման:
Հայաստանի եւ Վրաստանի նախագահները երկուստեք գոհունակութեամբ արձանագրեցին ընթացիկ տարուան մէջ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու աճը,
զբօսաշրջութեան ոլորտի մէջ նկատելի յառաջընթացը, շարք մը այլ ոլորտներու մէջ եւս զարգացող համագործակցութիւնը՝ նոյն ատեն նկատելով, որ փոխգործակցութեան ներուժը շատ աւելի է, եւ անհրաժեշտ է զայն ամբողջութեամբ իրացնելու ուղղութեամբ երկուստեք հետեւողականօրէն շարունակել աշխատանքը:
Նախագահներ Սարգսեան եւ Մարկվելաշվիլի կարեւոր համարեցին նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը՝ տարածաշրջանի երկիրներու բարեկեցութեան, տնտեսութիւններու զարգացման համար բարենպաստ պայմաններու ապահովման տեսանկիւնէն:
Ընդլայնուած կազմով հանդիպման ընթացքին պատուիրակութիւններու անդամները ներկայացուցին իւրաքանչիւրը իր ոլորտի մէջ համագործակցութիւնը, իրականացող համատեղ ծրագիրներու ընթացքը, ձեռքբերումներն ու հարցերը եւ անոնց լուծման ու փոխգործակցութեան խորացման ուղղութեամբ յանձնարարութիւններ ստացան նախագահներէն:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Գիորգի Մարկվելաշվիլիի յայտարարութիւնները մամուլի ներկայացուցիչներու ներկայութեան: Հայաստանի նախագահը վերահաստատեց բարեկամութեան, փոխըմբռնման եւ ներդաշնակութեան ոգիով Վրաստանի հետ համագործակցութիւնը խորացնելու պատրաստակամութիւնը:
«Մենք քննարկեցինք հարաւկովկասեան տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան հարցերը: Այս պարունակին մէջ, կարեւո նկատեցինք իրարու համար զգայուն հարցերու նկատմամբ հաւասարակշռուած եւ կառուցողական մօտեցումներու պահպանումը: Մենք համակարծիք ենք, որ հակամարտութիւններու համապարփակ եւ երկարաժամկէտ կարգաւորումը կարելի է բացառապէս խաղաղ ճանապարհով՝ համաձայնեցուած ձեւաչափերու շրջանակին մէջ միայն, բանակցութիւններու միջոցով:
Մեր բոլոր բանակցութիւններուն ընթացքին մենք միշտ ջանք կը գործադրենք ստանալ այնպիսի փաստաթուղթեր, այնպիսի յայտարարութիւններ եւ բանաձեւեր, որոնք որեւէ կերպով չեն վնասեր Վրաստանի շահերուն: Կը կարծեմ, որ ե՛ւ հայկական կողմէ, ե՛ւ վրացական կողմէ այսպիսի դիրքորոշման պահպանումը միայն ու միայն օգուտ կրնայ բերել մեր ժողովուրդներուն», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:
Ի պատիւ Սերժ Սարգսեանի եւ տիկին Ռիդա Սարգսեանի՝ Վրաստանի նախագահ Գիորգի Մարկվելաշվիլիի եւ տիկին Մակա Չիչուայի կողմէ տրուեցաւ պաշտօնական ընթրիք:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Գիորգի Մարկվելաշվիլի հանդէս եկան փոխադարձ բաժակաճառերով, ուր անդրադարձան յարգանքի ու փոխվստահութեան վրայ խարսխուած հայ-վրացական միջպետական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ հայ եւ վրացի ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր ոլորտներուն մէջ երկկողմ կապերու ամրապնդման հեռանկարին:
Պաշտօնական ընդունելութեան ընթացքին իր ելոյթին մէջ Սերժ Սարգսեան ըսաւ. «Մենք իւրայատուկ ջերմութեամբ կը վերաբերինք Վրաստանին ու վրացականին։ Այսօր մեր կենցաղին մաս կը կազմեն թէ՛ վրացական շարժապատկերը, երգն ու պարը եւ թէ վրացական հացը, գինին եւ խոհանոցը»։
Իր կարգին, Գիորգի Մարկվելաշվիլի իր ելոյթին մէջ յայտնեց. «Մեր բարեկամութեան գաղտնիքը միայն Քարթլոսի եւ Հայոսի առասպելական եղբայրութիւնը չէ։ Մեր մշակոյթը, արուեստը, բանահիւսութիւնը, աւանդոյթները իրարու հետ փոխշաղկապուած են, իսկ պատմութիւնը յագեցած է փոխսատարման օրինակներով: Ճիշդ այդ մէկը մեզի հնարաւորութիւն տուած է յաղթահարելու բազմաթիւ փորձութիւններ, միաւորած է մեզի բազմաթիւ մարտահրաւէրիներու դէմ եւ պահպանել տուած այն ինքնատիպութիւնը, որմով կը հպարտանան մեր ժողովուրդները»: