ԿԱՐՏԸՆ ԿՐՈՎ.- Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 19ին, Օրենճ Քաունթիի Ս. Քոլումպան կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ օծման արարողութիւն մը՝ ներկայութեամբ Միացեալ Նահանգներու մօտ պապական նուիրակ Քրիսթոֆ արք. Փիեռի:
Ձեռնադրութեան արժանացաւ Թամըս Թեն Թայ Ուէն: Ձեռնադրութեան արարողութիւնը կատարեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Օրենճ շրջանի առաջնորդ Քեւըն եպս. Վան։
Յանուն Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի, առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան՝ ընկերակցութեամբ Գարեգին քհնյ. Պետուրեանի, ներկայ եղաւ արարողութեան եւ փոխանցեց սրբազանին շնորհաւորանքն ու բարի ծառայութեան բարեմաղթութիւնները: