ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».- Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան (ԱՎԾ) հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ 2017ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը աճած է 7.3 տոկոսով:
Ըստ ԱՎԾին՝ առաւելագոյն աճը նշուած ժամանակահատուածին արձանագրուած է արդիւնաբերութեան, առեւտուրի եւ ծառայութիւններու ոլորտներուն մէջ: Մասնաւորապէս, արդիւնաբերական արտադրանքի ծաւալը այս տարուան Յունուարէն Նոյեմբեր աճած է 12.3 տոկոսով:
2016ի Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն հետ համեմատած՝ այս տարի ծառայութիւններու ծաւալը նոյնպէս (առանց առեւտուրի) աճած է 14.2 տոկոսով: Ելեկտրուժի արտադրութեան ոլորտին մէջ եւս գոյութիւն ունի աճ՝ 4.9 տոկոսով, շինարարութեան ոլորտին՝ 0.3 տոկոսով:
Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսութեան համախառն արտադրանքի ծաւալին, ապա այս տարուան Յունուարէն Նոյեմբեր նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած նուազած է 3.9 տոկոսով:
ԱՎԾի տուեալներով՝ արտաքին առեւտրաշրջանառութիւնը Յունուարէն Նոյեմբեր, նախորդ տարուան նոյն ժամանակահատուածին հետ համեմատած՝ աճած է 26.4 տոկոսով. արտածումը աւելցած է 23.5 տոկոսվ, իսկ ներմուծումը՝ 28 տոկոսով:
Ազգային վիճակագրական ծառայութեան հրապարակած տուեալներուն համաձայն՝ Յունուարէն Նոյեմբեր ամիսներուն հանրապետական միջին ամսական անուանական աշխատավարձը աճած է 2.6 տոկոսով: