ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի տնօրինութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան անցած քանի մը օրերուն այցելեց Ազգ. Ռ. եւ Ա. Փիլիպոս եւ Ազգ. Վ. եւ Ա. Շամլեան վարժարանները։ Առաջնորդ սրբազաններուն կ՛ընկերանային Արեւմտեան թեմի առաջնորդական փոխանորդ Թորգոմ Ծ. վրդ. Տօնոյեան եւ Սուրիահայութեան Օժանդակութեան Միացեալ մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Քենտիրճեան։ Անոնք դիմաւորուեցան զոյգ վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցչական կազմին կողմէ։
Այցելութեանց նպատակն էր սուրիահայ ուսանողներուն երախտագիտական խօսքը ու ողջոյնները փոխանցել շրջանի հայ դպրոցականներուն, որոնք անցեալ տարիներուն, մէկէ աւելի առիթներով իրենց լումաներով մասնակցութիւն բերին Սուրիոյ հայութեան համար հաւաքագրուած օժանդակութիւններուն։ Սուրիահայ աշակերտութեան զգացումներուն թարգմանը հանդիսացաւ Շահան սրբազանը, որ աշակերտութեան ուղղուած իր խօսքին ընդմէջէն հրաւիրեց բոլոր հայ աշակերտները, որպէսզի իրենց աղօթքին ու մտածումին մէջ միշտ տեղ տան ազգիս այն հայորդիներուն, որոնց համար դժուարին պայմաններու մէջ ապրիլն ու ուսանիլը լո՛ւրջ մարտահրաւէրներ են։
Շահան սրբազանին հետ այս հանդիպումը պատեհ առիթ դարձաւ, որ աշակերտները աղօթքով, երաժշտութեան ու խօսքի ճամբով անգամ մը եւս իրենց սէրն ու զօրակցութիւնը յայտնեն իրենց սուրիահայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն։
Իր խօսքին մէջ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան բարի գալուստ մաղթեց Շահան սրբազանին եւ բարձր գնահատեց մեր վարժարանները, սուրիահայութեան բերած իրենց նիւթաբարոյական օժանդակութեան համար։ Ան անդրադարձաւ այն պայմաններուն, որոնց մէջ ապրեցան մեր աշակերտներուն հասակակից սուրիահայերը՝ անցեալ 6 տարիներուն, յաճախ զրկուած բնականոն կեանքի ա-մէնէն տարրական կարելիութիւններէն, սակայն շնորհիւ իրենց ծնողներուն, ուսուցիչներուն եւ գաղութի պատասխանատուներուն խնամքին ու հոգածութեան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի զօրակցութեան՝ անոնք շարունակեցին կեանքի պայքարը, եւ «իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ու հաւատարիմ հայեր՝ չկորսնցուցին յոյսն ու խաղաղութեան հասնելու երազը, որ ահա՛ սկսած է իրականութեան վերածուելու մօտաւորապէս տարիէ մը ի վեր, իսկ մենք, իբրեւ Արեւմտեան թեմի զաւակներ, ուրախութեամբ կը հետեւինք վերականգնումի աշխատանքներուն, պիտի շարունակենք կանգնիլ սուրիահայ մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ»։