ԱՐՄԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
Ըստ Վայոց Ձորի Հերհեր գիւղի բնակիչներուն՝ իրենց մօտ կ՛աճի շրջանի ամենալաւ ընկոյզը: Մեծ ներուժ ունեցող գիւղը այսօր կը դատարկուի: Հերհերցիները կ՛ըսեն, թէ գիւղացին ու գիւղը այսօր անտեսուած են եւ զիրենք կը յիշեն միայն ընտրութիւններու ժամանակ:
Մեծ փոսերով խորտուբորտ ճանապարհը ձեւով մը յաղթահարելով՝ կը հասնիննք Վայոց Ձորի մարզի հեռաւոր Հերհեր գիւղ: Մայրուղիէն բաւական հեռու գտնուող այս գիւղը տանող ճանապարհի կէսը հողային է՝ կուպրը կ՛երեւի, միայն տեղ-տեղ յիշեցնելով իր երբեմնի գոյութեան մասին: Գիւղի փողոցներուն մէջ հնարաւոր չէ դիւրութեամբ շարժիլ, արդէն տեղացած էր առաջին ձիւնը ու ճանապարհը դարձած էր անանցանելի:
Դեռ հեռուէն կը նշմարուի ծխնելոյզներու ծուխը. կը մտնենք առաջին պատահած տունը: Յունանեաններու ընտանիքն է, Հերհերի հնաբնակներէն: Ներս կը մտնեմ ու անմիջապէս կը զգամ վառարանի հաճելի տաքութիւնը, ապա արդէն կը նկատեմ, որ ասիկա սովորական վառարան չէ, այլ՝ «ջեռուցիչ, որ կ՛աշխատի աթարով կամ փայտով»:
Ժամանակին Հերհերի մէջ գոյութիւն ունեցած է գորգի գործարան, այսօր սակայն գիւղացիներուն ապրուստի հիմնական միջոցը անասնապահութիւնն ու հողագործութիւնն են: Հերհերը համայնքային խոշորացման իբրեւ արդիւնք՝ միացած է Ջերմուկ համայնքին, բայց Ջերմուկի հետ ուղիղ գիծով կապուող ճանապարհ չունի: Անիկա աւելի մօտ է խոշորացուած Վայքին:
Այս գիւղի բնակիչները կը յայտնեն, որ խոշորացման պտուղները դեռ չեն վայելած, այլ ժամանակին մեծ գիւղ համարուող Հերերը կամաց կամաց կը դատարկուի:
Կը շարժինք դէպի գիւղամէջ եւ կը հիւրընկալուինք արցախեան ազատամարտիկ Գարեգին Առաքելեանի կողմէ: Ան անծանօթ մարդ տեսնելով կը զարմանայ:
Ապա Առաքելեան մեզ կը հրաւիրէ իր տունը: Կը սկսինք խօսք ու զրոյցի: Կը սկսինք գիւղ հասնող ճանապարհէն: Գարեգինը ժպատալով կ՛ըսէ՝ ձեր տուած հարցումին պատասխանած էք։
Այնքան խօսած ենք ճանապարհին մասին, որ անիկա նաեւ ծիծաղի առարկայ դարձած է: Կ՛ըսեն, որ եթէ կարենանք այս ճանապարհով Վայք հասնիլ, ապա կ՛արտագաղթենք Հայաստանէն:
Վերջին քանի մը տարիներուն, Հերհերը մինչեւ հազար բնակիչ ունեցած է, իսկ այսօր գիւղին մէջ արդէն 727 մարդ կ՛ապրի: Ըստ բնակիչներուն՝ ծերացող այս գիւղին մէջ բնակիչները ընելիք չունին:
Ջերմուկի հետ միաւորուած Հերհեր վարչական շրջանի ղեկավար, հանրապետական Անդրանիկ Աբրահամեան «Ռադիօլուր»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, թէ արդէն հաշտուած է այն միտքին, որ գիւղը ճանապարհ չունի:
Հերհերցիները կը յայտնեն, որ գիւղացիներուն մասին կը յիշեն միայն ընտրութիւններու ընթացքին, կը լսեն իրենց խնդիրները՝ եւ վերջ: