ՆԻԿՈՍԻԱ.- Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 11ի երեկոյեան, Կիպրոսի նախագահական պալատին մէջ, Արամ Ա. վեհափառ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Իշխան»ի շքանշանով պարգեւատրեց Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատեսը:
Պարգեւատրումէն առաջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ կաթողիկոսին եւ նախագահին միջեւ, ներկայութեամբ Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդ Խորէն արք. Տողրամաճեանի, Կիպրոսի հայոց պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, ինչպէս նաեւ հայրապետի պատուիրակութեան մաս կազմող ազգային բարերար Հրայր Սարգիսեանի եւ Կաթողիկոսարանի տեղեկատուական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեանի:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Կիպրոսի հայութեան, Լիբանան-Կիպրոս յարաբերութեանց, հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու բարեկամութեան եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի այժմու կացութեան առնչուած հարցեր: Ապա նախագահն ու հայրապետը ուղղուեցան դէպի նախագահական ապարանքին կից գտնուող հանդիսասրահը, ուր տեղի ունեցաւ հայկական մշակութային երեկոյ՝ ներկայութեամբ Կիպրոսի խորհրդարանի նախագահին, Կիպրոսի մօտ զանազան երկիրներու դեսպաններու, երեսփոխաններու, հոգեւոր առաջնորդներու եւ աւելի քան 500 կիպրահայերու:
Նախքան մշակութային ձեռնարկը խօսք առաւ փոքրամասնութեանց նախարարը, որ նախագահին անունով ողջունեց վեհափառը, պաշտօնական հիւրերը եւ Կիպրոսի հայ համայնքը: Ապա խօսք առաւ նաեւ կիպրահայութեան ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց Կիպրոսի կառավարութեան՝ հայ համայնքին կրթական ու գաղութային ծրագիրներուն ցուցաբերած նեցուկին համար:
Վերջապէս, խօսք առաւ Արամ Ա. կաթողիկոս: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ անգամ մը եւս կը գտնուի Կիպրոսի օրհնեալ հողին վրայ, ուր Բառնաբաս առաքեալին կողմէ ցանուած է քրիստոնէութեան հունտը: Հայրապետը անդրադարձաւ Կիպրոսի կարեւոր դերին՝ Մերձաւոր Արեւելքի պատմութեան, յատկապէս տնտեսական ու մշակութային բնագաւառներուն մէջ: Ան նաեւ անդրադարձաւ հայ ու կիպրացի ժողովուրդներու ու եկեղեցիներու սերտ գործակցութեան՝ Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան ժամանակներէն սկսեալ, որ այսօր եւս կը շարունակուի՝ շրջանային ու միջազգային հարցերու նկատմամբ որդեգրուած միացեալ կեցուածքներու ու մօտեցումներու ճամբով: Անդրադառնալով ներկայ աշխարհը եւ մանաւանդ Միջին Արեւելքը դիմագրաւող խնդիրներուն՝ կաթողիկոսը ըսաւ. «Կը մերժենք բռնատիրական միջոցներով ու զէնքի ուժով կացութիւններ պարտադրելու մօտեցումները եւ անարդար գրաւումներու օրինականացումը, ինչպէս՝ թրքական բանակին կողմէ Կիպրոսի գրաւումը եւ Երուսաղէմի հռչակումը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք»:
Վեհափառը ապա իր գնահատանքը յայտնեց հայ համայնքին նկատմամբ Կիպրոսի նախագահին ու կառավարութեան ցուցաբերած հոգածութեան առթիւ, եւ իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն՝ Կիպրոսի նախագահը պարգեւատրեց «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանով:
Շքանշանը ստանալէ ետք խօսք առաւ Կիպրոսի նախագահը, որ իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց իր անձին նկատմամբ ցուցաբերուած սիրոյն ու յարգանքին համար: Ան իր բարձր գնահատանքը յայտնեց կիպրահայ համայնքի զաւակներուն՝ զանոնք նկատելով պարկեշտ ու աշխատասէր անդամները Կիպրոսի ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ վեր առաւ կիպրահայերուն մասնակցութիւնը Կիպրոսի յառաջդիմութեան ու զարգացման աշխատանքներուն:
Այնուհետեւ, կիպրահայ գաղութի մայր եկեղեցին ու զանազան կազմակերպութիւնները ներկայացնող երգչախումբեր ու պարախումբեր գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը ներկայացուցին՝ գեղեցկօրէն պարզելով մեր մշակութային արժէքները եւ արժանացան ներկաներուն ջերմ գնահատանքին:
Նախագահական ապարանքէն վեհափառը ուղղուեցաւ պատրիարքարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ Կիպրոսի Ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւոր պետ Խրիսոսթոմոս Բ. արքեպիսկոպոսին կողմէ: Հանդիպումին ներկայ էին Կիպրոսի հայոց կաթողիկոսական փոխանորդը, պետական ներկայացուցիչը, հայրապետին ընկերացող պատուիրակութիւնը, ինչպէս նաեւ Կիպրոսի թեմի Ազգային վարչութեան ու Երեսփոխանական ժողովի ատենապետները: Շուրջ կէս ժամ տեւած հանդիպման ընթացքին լուսարձակի տակ առնուեցան Երուսաղէմի հարցը եւ ուղղափառ եկեղեցիներուն յարաբերութիւնները առաւել զարգացնելու կարելիութիւնները: