ԵՐԵՒԱՆ.- «Կանաչ էներգիա» կայանը բացուեցաւ հայ–թրքական սահմանէն 3 քմ. հեռաւորութեան վրայ:
Հայաստանի արեւային նոր ելեկտրակայանը, որ 1 մեկաուաթ հզօրութիւն ունի, բացուեցաւ Արմաւիրի մարզի Շէնիկ գիւղին մէջ, կը հաղորդէ «Սփութնիք»ը:
Հանդիսաւոր բացման ներկայ եղան Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան եւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:
«Շթիկեն» ընկերութեան հիմնադիր-տնօրէն Հայկ Շէկեան կը յայտնէ, թէ քանի մը տարի ետք այսպիսի հզօրութեամբ կայանները Հայաստանի համար սովորական պիտի դառնան:
«Ես համոզուած եմ, որ այս կայանը դեռ սկիզբն է: Մէկ-երկու տարի անց 1 մեկաուաթ կայաններուն պիտի նայինք այնպէս, ինչպէս այսօր կը նայինք մէկ արեւային մարտկոցին», ըսաւ է ան:
Պետութիւնը եւս աջակցած է արեւային կայանի ներդրողներուն՝ թոյլ տալով ուժանիթը վաճառել սովորականէն բարձր սակով:
Ըստ կայանի սեփականատէր Վարդան Վարդանեանի՝ նախագիծին արժէքը կազմած է 850 հազար տոլար:
Պետութիւնը ձեռնտու սակագին սահմանած է մինչեւ 1 մեկաուաթ հզօրութիւն ունեցող 10 կայանի համար: Անոնք, որոնք յայտ ներկայացուցած են, 1 քիլօուաթի համար առաջարկած են 42.6 դրամ, առանց ԱԱՀի, կամ միւս կայաններու միջին սակէն շուրջ կրկնակի բարձր սակ:
Կայանի 1.6 հա. մակերես ունեցող տարածքին մէջ տեղադրուած է 3՝ 124 ֆոթովոլթային վահանակ:
Երկրի ուժանիւթի համակարգին մէջ արեւային եւ հողմային ուժանիւթերը տակաւին 1 տոկոս չեն կազմեր, բայց այլ արեւային ելեկտրակայաններ կառուցման փուլի մէջ են: