ՓԱՐԻԶ, «Ռոյթըրզ».- Ֆրանսա այցելող Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, թէ երբ պաղեստինցիները ըմբռնեն «Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ըլլալու իրականութիւնը», այն ատեն խաղաղութիւն պիտի հաստատուի:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ հանդիպումէն ետք ան աւելցուց, թէ ներկայիս բազմաթիւ գաղտնի հանդիպումներ տեղի կ՛ունենան Իսրայէլի եւ շրջանի շարք մը երկիրներու միջեւ, որոնց հետ Իսրայէլ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունի:
Իր կարգին, Մաքրոն շեշտեց, որ պաղեստինեան գրաւեալ հողերուն վրայ ապօրինի բնակեցման վայրերու կառուցման սառեցումը իսրայէլեան կողմէն խաղաղութեան ուղղութեամբ «կարեւոր նախաձեռնութիւն» մը պիտի ըլլայ:
Մաքրոն նաեւ Նեթանիահուին ըսաւ, որ Ֆրանսա կտրուկ կերպով կը մերժէ Երուսաղէմի վերաբերեալ ամերիկեան որոշումը: Ան շեշտեց, որ պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապը պէտք է լուծել բանակցութեան ճամբով եւ «երկու պետութիւններ» սկզբունքին հիմամբ: